ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- «Սիւիլնեթ»ի տրամադրութեան տակ գտնուող տեղեկութեան համաձայն՝ կալանաւորուած Մանուէլ Գրիգորեան, դիմած է կառավարութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրելու համար Ակնալիճ համայնքին մէջ իրեն պատկանող «Ակնալճի կուղբաբուծական տնտեսութիւն» ընկերութեան շուրջ 330 հեկտար տարածքը, որ կ՛ընդգրկէ 5445 քառակուսի մեթր մակերեսով շէնքեր:
Մանուէլ Գրիգորեանի կողմէ պետութեան նուիրուող տարածքին շուկայական արժէքը կը գնահատուի 5.084 միլիառ դրամով՝ շուրջ 10.5 միլիոն տոլար:
Մանուէլ Գրիգորեանի շահերը պաշտպանող Լեւոն Բաղդասարեան այս հարցով արդէն դիմած է կառավարութեան:
«Մեզ գրութեամբ դիմել է Մանուէլ Գրիգորեանի լիազօր ներկայացուցիչը՝ յայտնելով, որ պատրաստ են նուիրաբերել նշուած գոյքը ՀՀին՝ առանց որեւէ նախապայմանի: Սահմանուած կարգով կազմակերպելու ենք գոյքի ընդունման գործընթացը», կը տեղեկացնէ Պետական գոյքի կառավարման կոմիտէի նախագահի տեղակալ Գէորգ Լոռեցեան, աւելցնելով, որ նշուած մեծ գոյքը պետութեան նուիրելու պատճառները յայտնի չեն: