Արցախի Հանրապետութեան Շուշի եւ Ֆրանսայի Սենթ Էթիէն քաղաքներուն միջեւ 21 Հոկտեմբերին ստորագրուեցաւ Բարեկամութեան հռչակագիրը: Ստորագրման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շուշիի քաղաքապետարանին մէջ:
Հռչակագիրը ստորագրեցին Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեան եւ Սենթ Էթիէնի քաղաքապետ, «Ֆրանսա-Արցախ» Բարեկամութեան շրջանակի անդամ Կայէլ Փերտրիօ: Ստորագրման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ «Ֆրանսա-Արցախ» Բարեկամութեան շրջանակի նախկին ղեկավար, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախկին երեսփոխան Ֆրանսուա Ռոշըպլուան:
Հռչակագիրին մէջ կը նշուի, թէ՝ հիմք ընդունելով Մարդկային իրաւանց հռչակագիրով ամրագրուած ազատութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու բացարձակ կարեւորութիւնը եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը՝ կողմերը կ՛որոշեն երկու քաղաքներուն միջեւ հաստատել բարեկամական կապեր, միացեալ ծրագիրներ իրագործել տնտեսութեան, կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան ու տեղական ինքնակառավարման ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ նպաստել երկու քաղաքներուն միջեւ փորձառութեան եւ մասնագիտական հմտութիւններու փոխանակման: