ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողական նպաստներու, պետական եւ ներհամալսարանական կրթաթոշակներու յատկացման կանոնակարգին համաձայն՝ նախորդ ուսումնական տարիներուն ընթացքին, 2016ի Ապրիլեան պատերազմին մարտական հերթապահութիւն իրականացուցած ուսանողներու վարձը կը զեղչուէր 30 տոկոսով, իսկ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամը կը տրամադրէր ուսումնական վարձի մասնակի փոխհատուցում՝ 20 տոկոսի չափով:
Երեւանի պետական համալսարանի տնօրէններու ժողովը որոշեց այսուհետեւ Ապրիլեան պատերազմին ընթացքին մարտական հերթապահութիւն իրականացուցած ուսանողները, համալսարանին կողմէ, բացի 30 տոկոսէն, յատկացնել նաեւ յաւելեալ 20 տոկոսի զեղչ, իր վրայ վերցնելով նախապէս երիտասարդական հիմնադրամին կողմէ տրուած նոյն չափի զեղչի հատուցումը: