«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Այս տարի իսկապէս նշանակալի եղաւ ու կը շարունակէ ըլլալ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններով:
Յիշենք, 2018ի Մայիսին նշեցինք Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան ստեղծման հարիւրամեակը:
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀՄԸՄ) իր հարիւրամեակը կը նշէ ամբողջ տարուան ընթացքին, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի բոլոր այն շրջանները, ուր կազմակերպութիւնը կը տանի իր ազգանուէր գործունէութիւնը: Այս Կիրակի, 28 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5ին, շրջանիս ՀՄԸՄի կառոյցը Կլենտէյլ Հայ Սքուլի սրահին մէջ հանդիսաւոր կերպով պիտի նշէ կազմակերպութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակը:
Այս տարի իր հիմնադրութեան հարիւրերորդ տարեդարձը Հայաստանի եւ արտասահմանեան հայկական համայնքներու մէջ նշեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանակչական ընկերակցութիւնը, որ տարուէ տարի աւելի ու աւելի լայն գործունէութիւն կը տանի ոչ միայն Սփիւռքի մէջ, այլ նաեւ Հայաստանի: Հոգեւոր ծառայութեան կողքին, այս կազմակերպութիւնը ընդարձակած է իր բարեսիրական եւ կրթական ծրագիրները:
Յաջորդ արժանաւոր յոբելեարը Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Միութիւնն է, որ այս տարի, դարձեալ Հայաստանի ու Սփիւռքի տարածքին կը տօնէ իր հիմնադրութեան 90ամեակը: Մեր շրջանին մէջ, միութիւնը վճռականութիւն կը ցուցաբերէ առաւել կենսունակ ներկայութիւն դառնալու համայնքի կեանքին մէջ: Այդ վճռականութիւնը կը դրսեւորուի իրար յաջորդող մշակութային ձեռնարկներով ու բազմաթիւ նոր ուղղութիւններու որդեգրումով: Մեր շրջանին մէջ Համազգայինի 90ամեակի տօնակատարութիւնները պիտի աւարտին Կալա ճաշկերոյթով, որ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 3ին, եւ տօնական հանդիսութեամբ, որ տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 16ին: Կարեւոր է, որ Կալային ճամբով նիւթական միջոց ապահովելու միութեան հետապնդած նպատակը առաւելագոյնս արդիւնաւորուի՝ հայ մշակոյթը գնահատող, անոր պահպանումով ու տարածումով շահագրգռուած բարերարներու եւ ազգայիններու նուիրատուութիւններով:
35 տարիներ առաջ մեր շրջանը օժտուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան առանձին՝ շրջանային կառոյցով: Արեւմտեան Ամերիկան նոր սկսած էր դառնալու հայկական աշխոյժ կեդրոն, օրէ օր մեծցող համայնքով, օրէ օր մեծցող կարիքներով: Շրջանային կառոյցը աւելիով փաստեց ինքզինք, ու այսօր արդարօրէն կը նշէ իր 35րդ յոբելեանը:
«Ասպարէզ»ի 110ամեակին մասին արդէն գրեցինք:
Շնորհաւորութիւններ՝ բոլոր յոբելեարներուն: