Կիրակի, 21 Հոկտեմբեր 2018ի յետմիջօրէի ժամը 2։30ին, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան եւ կինը՝ Աննա Յակոբեան, ընկերակցութեամբ բազմանդամ պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէր արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զօհրաբ Մնացականեան, այցելեցին Զմ-մառու վանք, ուր դիմաւորուեցան վանքի մեծաւոր եւ Զմմառու Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ գերապայծառ Գաբրիէլ Մուրատեանի, Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի, Գէորգ արք. Խազումեանի, Մանուէլ Եպսկ. Պաթագեանի, միաբան հայրերու, նորընծաներու, ինչպէս նաեւ պետական երեսփոխան Ժան Թալուզեանի, Զմմառու քաղաքապետին, հայ կաթողիկէ կառոյցներու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ:
Հրաշագործ Տիրամօր մատուռին մէջ, կարճատեւ ամփոփումի պահուն նորընծաները հնչեցուցին միաբանութեան օրհներգը, եւ շարականներ: Վանքի դահլիճին մէջ խօսք առնելով՝ վանքին մեծաւոր հայրը, ողջունելէ ետք մեծարգոյ հիւրը եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութեան անդամները՝ հակիրճ անդրադարձ մը կատարեց շուրջ 300ամեայ վանքի պատմութեան՝ իբրեւ ոչ միայն հոգեւորականներու դարբնոց, այլ հոգեւոր արժէքներու, հայկական մշակոյթի, հայագիտութեան, դպրութեան օճախ, վստահեցնելով որ Զմմառու միաբանութիւնը միշտ նախանձախնդիր եղած է մայր հայրենիքի՝ Հայաստանի զարգացման ու բարգաւաճման, հայրենաբնակ ժողովուրդի բարօրութեան եւ հայկական պետութեան հզօրացման: Իր խօսքի աւարտին, գերապայծառ Մուրատեան՝ միաբանութեան անունով Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարին նուիրեց Զմմառու Տիրամօր գեղակերտ լուսանկարը:
Իր կարգին, խօսք առնելով, Նիկոլ Փաշինեան արտայայտեց իր ուրախութիւնը եւ շնորհակալութիւնը ջերմ ընդունելութեան եւ այսպիսի հնադարեան հայկական հոգեւոր կեդրոնի մը մէջ գտնուելուն համար: Ան շեշտեց Հայաստանի եւ վանքին ու միաբանութեան միջեւ կապերը սերտացնելու եւ համագործակցութիւնը զարգացնելու կարեւորութիւնը: