«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը այս կարգախօսով կը դիմէ մեզի այս տարի: Թորոնթօն արդէն արձագանգած է եւ հանգանակած է մէկ միլիոն տոլար, գերազանցելով նախկին տարիներուն հաւաքուած տարեկան գումարներու չափը:
Թորոնթոյի հայութեան պատգամը յստակ է. մէկդի դնել իրական կամ արհեստական առարկութիւնները, վերապահութիւնները եւ գործնականօրէն մասնակցիլ Հայաստան հիմնադրամի հանգանակութեանց ամէն տեղ, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի ամէնէն հեռաւոր անկիւնը:
Լոս Անճելըսի հայութիւնն ալ պարտաւոր է պատիւի հարց դարձնել ու գերազանցել այս շրջանին մէջ հաւաքուած գումարներու չափը: Ի վերջոյ, թելեթոնին անունը կապուած է Լոս Անճելըսի հետ, այստեղ սկիզբ առած է Գոհաբանութեան օրերուն կազմակերպուող հանգանակային համահայկական արշաւը, ուրեմն, մենք քիչ մը աւելի պարտաւորութիւն պէտք է ստանձնենք այդ ուղղութեամբ:
Եկէք արարենք միասին: Վերջապէս Նոր Հայաստան է, ուր կ՛աշխատին նոր օրէնքներ, ուր իշխանութիւն-ժողովուրդ փոխադարձ վստահութեան նոր չափանիշներ հաստատուած են, ուր կաշառակերութիւնն ու փտածութիւնը արմատախիլ ընելու վճռականութիւն կը ցուցաբերուի:
Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին հանդէպ վստահութեան պակասը դժբախտաբար ու պարզապէս արդիւնք եղած է ընդհանուր պետական համակարգին հանդէպ անվստահութեան: Հիմա այդ համակարգը հիմնովին կը փոխուի, ուրեմն պէտք է փոխուին նաեւ մեր մօտեցումները, եթէ, անշուշտ, մենք մեզի կը նկատենք Նոր Հայաստանին աջակցելու պատրաստակամութիւն ունեցողներու շարքին:
Սփիւռքահայութիւնը կրնայ այս առիթը օգտագործել իր վստահութեան քուէն տալու Նոր Հայաստանին եւ նախկին բոլոր թելեթոններէն աւելի, շատ աւելին հանգանակելու՝ դիւրացնելով նորը արարելու հայրենական ճիգերը: