«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Կը տօնենք «Ասպարէզ»ի 110րդ տարեդարձը: Ձեռնարկը կազմակերպելու եւ այս առթիւ հանգանակային արշաւի ամբողջ ընթացքին մենք զգացինք մեր բաժանորդներու, բարեկամներու ու ընդհանրապէս համայնքին ջերմութիւնը թերթին հանդէպ:
Շնորհակալ ենք բոլոր նուիրատուներուն,
Շնորհակալ ենք յոբելենական ձեռնարկին ներկայ ըլլալու յանձնառութիւնը առնողներուն,
Շնորհակալ ենք թերթով մտահոգ մեր բաժանորդներուն,
Շնորհակալ ենք Հայ Յեղափոխական Դաշնացկութեան ընտանիքին, որ իր թերթին տէր կը կանգնի:
Շնորհակալ ենք ու պարտք կը զգանք յայտարարելու, որ համայնքին ծառայելը պատիւ է մեզի համար՝ եւ առաքելութիւն: