ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 7ին, առաւել քան 1000 գործիչներու, համայնքային ղեկավարներու, պետական պաշտօնատարներու (առաւել քան 50), համակիրներու եւ հովանաւորներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը, Պեվըրլի Հիլզ քաղաքի «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ։
Հայ Դատի յանձնախումբը աւանդաբար այս ձեռնարկին ընթացքին կը պատուէ հայ թէ օտար անձնաւորութիւններ, որոնք մեծ նպաստ բերած են Հայ Դատին:
Այս տարի մեծարուեցան՝ Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը («Արդարութեան Ջատագով» մրցանակ), «Ուրացման Ճարտարապետները» («Architects of Denial») վաւերագրական ֆիլմին արտադրութեան մասնակցած խումբը («Լրատուութեան մէջ գերազանցութիւն» մրցանակ), երաժիշտ, յօրինող եւ քաղաքական գործիչ Սերժ Թանքեանը («Ժողովուրդի Յառաջամարտիկ» մրցանակ), անցնող տարեշրջանի Հայ Դատի վարժողական ծրագիրներու մասնակիցները: Յետ մահու յատուկ յարգանքի եւ երախտագիտութեան արժանացաւ տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեան ամոլը:
Կ.ե. ժամը 4:30ին սկսած ընկերային պահէն ետք, ներկաները մուտք գործեցին սրահ, ուր ձեռնարկը պաշտօնապէս սկսաւ քայլերգներով, Աննա Պոյրազեանի կատարողութեամբ։
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան կատարեց բացման աղօթքը:
Ան օրհնեց Հայ Դատի ծառայողներն ու կամաւորները, որոնք իրենց սիրտերն ու ձեռքերը միացուցած են՝ ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի մէջ արդարութեան, ապահովութեան ու բարգաւաճման յառաջընթացին եւ յառաջ մղելու մեր դատը Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին: Ան նաեւ օրհնեց երեկոյի մեծարեալները, յիշեց մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ծառայողները եւ օրհնեց պետական պաշտօնատարները, բարերարներն ու զօրակիցները, որոնք տարիներէ ի վեր հետեւողական կերպով կը կանգնին Հայ Դատի յանձնախումբի կողքին:
Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Սթիւ Արթինեան ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստած էին այս տպաւորիչ ձեռնարկին յաջողութեան, առանձնացնելով յատկապէս կազմակերպիչ յանձնախումբի փոխատենապետ Լինա Դաւիթեանի ներդրումը։ Ան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց ձեռնարկը հովանաւորողներուն ցուցաբերած կենսական աջակցութեան համար։

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Հայ Դատի զօրակցութիւնը ապահոված՝ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ընտրութեանց թեկնածու եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախկին նախագահ Քեւըն տէ Լէոն, որ դրուատեց «ամերիկահայ մեծագոյն քաղաքական կազմակերպութիւնը հադիսացող» Հայ Դատը եւ անոր նուիրեալ կամաւորները, որոնք շարունակաբար կը ջատագովեն ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերը։
Ներկաները նաեւ դիտեցին Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիի քաջալերական եւ շնորհաւորական պատգամին տեսանիւթը։ Քաղաքապետը անձամբ չկրցաւ ձեռնարկին ներկայ ըլլալ, քաղաքէն ճամբորդած ըլլալուն պատճառով։
Ապա բեմ բարձրացաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան՝ փոխանցելու կազմակերպութեան պատգամը։ Ան շեշտեց, թէ Հայ Դատը աշխարացրիւ իւրաքանչիւր հայու դատն է, յիշեցնելով անոր հիմնական նպատակները՝ Հայաստանի յառաջդիմութեան եւ բարօրութեան աջակցութիւնը, Արցախի մէջ խաղաղութեան եւ անոր ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի երաշխաւորումը, Հայոց Ցեղասպանութեան արդարահատուցումը եւ Սփիւռքի քաղաքական աշխուժութեան ապահովումը։ «Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ խաղաղ յեղափոխութեամբ բոլորս հաստատակամօրէն կը յառաջանանք դէպի իսկական ժողովրդավարութիւն», աւելցուց ան։ Յովսէփեան նաեւ մանրամասնութիւններ փոխանցեց վերջին մէկ տարուան ընթացքին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի իրագործումներէն, ներառեալ՝ Քալիֆորնիայէն պետական եւ գործարարական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը Հայաստան առաջնորդելու ծրագիրը, Թուրքիայէն Քալիֆորնիոյ նեդրումները ետ քաշելու նախաձեռնութիւնը, որ ձախողեցաւ միայն վերջին հանգրուանին, երբ նահանգապետը վեթոյի ենթարկեց զայն, սակայն որոշուած է այդ բանաձեւը օրէնքի վերածելու ջանքերը շարունակել, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի ամերիկեան յատկանշական աջակցութեանց ապահովումը (ցարդ մօտաւորապէս 2.5 միլիառ տոլար Հայաստանին եւ 45 միլիոն տոլար՝ Արցախին)։ Ան եւս շնորհալակութիւն յայտնեց նուիրատուներուն, յատկապէս Սեփեթճեան, Մելքոնեան եւ Չրախճեան ընտանիքներուն։
Ապա, Յովսէփեան բեմ հրաւիրեց Հայ Մշակութային հիմնադրամի ատենապետ Աւետիք Իզմիրլեանը՝ միասնաբար երախտագիտութիւն յայտնելու համար իր պաշտօնը աւարտող Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանին, որ նախապէս եղած էր նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայասատնի աւագ հիւպատոսը։
Ընթրիքի դադարէն ետք, բեմ բարձրացաւ Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետի պաշտօնին թեկնածու Էլենի Քունալաքիս, որ իր ընտրապայքարին ընթացքին կը վայլէ Հայ Դատին նեցուկը։ Ան խոստացաւ զօրավիգ կանգնիլ Հայ Դատին եւ մօտէն գործակցելով հայ համայնքին հետ՝ նպաստել անոր նպատակներուն իրականացման։
Ապա տեղի ունեցաւ առաջին մեծարումը, որմէ առաջ ցուցադրուեցաւ պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի երկար տարիներու հայանպաստ գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող տեսանիւթ մը, ուր կը շեշտուէր, թէ վերջին 30 տարիներուն ան բարեսիրական նպատակներով 86 առիթներով այցելած է Արցախ, որուն մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ հաստատուած է իր անունով վերականգնողական կեդրոն մը։ Քարոլայն Քոքսի «Արդարութեան Ջատագով» մրցանակը յանձնուեցաւ ձեռամբ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ եւ վարչութեան անդամ յաջորդաբար՝ Ռաֆֆի Համբարեանի եւ իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեանի։
Մրցանակը ստանալով, Քոքս դրուատեց երկար դարերով իր հաւատքին եւ ազատութեան պաշտպանութեան պայքարին մէջ հայութեան ցուցաբերած աննկուն կամքը եւ աղէտներէ ետք վերականգնելու ունակութիւնը։
Ապա, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ Սագօ Պէրպէրեան, իրաւաբան Նարեկ Կիտցինեան եւ իրաւաբան Վիգէն Բագրատունի «Լրատուութեան Մէջ Գերազանցութիւն» մրցանակը յանձնեցին Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի ձեռամբ հակահայ սպանդներուն նուիրուած՝ «Ուրացման Ճարտարապետները» վաւերագրական ֆիլմը արտադրած՝ Տէյվիտ եւ Լորա ՄըքՔենզիներուն, Էլիզապէթ Սթենթընին, Տին Քէյնին եւ Մանթել Ուիլիըմզին։ Ապա ցուցադրուեցաւ անոնց նշեալ ֆիլմին արտադրութեան եւ Հայաստանի ծանօթացման ի նպաստ կատարուած անոնց այլ աշխատանքներուն մասին տեսանիւթ մը։ Խմբակին անունով շնորհակալութեան խօսք արտասանեցին Տէյվիտ եւ Լորա ՄըքՔենզիներ եւ Էլիզապէթ Սթենթըն՝ շեշտելով Ցեղասպանութեան իրազեկման ջանքերուն շարունակութիւնը, որպէսզի նման արհաւիրքներ չկրկնուին։ Իր կարգին, Տէյվիտ բացայայտեց, թէ ինք կէս հայ է։
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ անցնող տարեշրջանի Հայ Դատի վարժողական ծրագիրներու մասնակիցներուն մասին տեսանիւթ մը, որմէ ետք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ճոզէֆ Քասքանեան ներկայացուց վարժողական ծրագիրներուն մանրամասնութիւնները եւ մեծարեց անցեալ տարուան ծրագիրներուն մասնակիցները, որոնք են՝ Էրիք Ադամեան, Լիլիթ Դանիէլեան, Զօհրապ Թոմպուլեան, Ռոպերթ Մուրատեան, Սարգիս Քամպերեան, Օնտրիա Իսախանեան, Թալին Նազարեան, Նիքոլ Արսլանեան, Լիլիթ Բազիկեան, Քրիստափոր Խաչատուր եւ Լուսին Միխանճեան: Այս առիթով, Քասքանեան յարգանքի իր տուրքը մատուցեց Հայ Դատի վարժողական անցեալի ծրագիրներուն մասնակցած Մովսէս Տէր Յովհաննէսեանին, որ վերջերս մահացած էր։ Ներկաները պահ մը լռութեամբ յարգեցին անոր յիշատակը։
Ապա, ներկաները դիտեցին երաժիշտ, յօրինող եւ քաղաքական գործիչ Սերժ Թանքեանի իրագործումներուն նուիրուած տեսանիւթը, որմէ ետք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ իրաւաբաններ՝ Անահիտ Օշական եւ Ռաֆֆի Գասապեան Թանքեանին յանձնեցին «Ժողովուրդի Առաջամարտիկ» մրցանակը, դրուատելով Հայաստանի, Արցախի եւ Հայ Դատի ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը ջատագովելու անոր շարունակական ջանքերը։
Իր կարգին, Թանքեան յայտարարեց, թէ այս հանգրուանին հայութիւնը պէտք է նեցուկ կանգնի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իրականացած թաւշեայ յեղափոխութեան բերած բարեկարգումներուն, յատկապէս դրուատելով անոր խաղաղ ընթացքը։ Ան նաեւ խօսեցաւ Հայ Դատի հետ իր անցեալի եւ շարունակուող համագործակցութեան մասին, մեծապէս գնահատելով գլխաւորապէս կամաւորներու ջանքերով իրականացուող Հայ Դատի գործունէութիւնը։
Աւարտին տեղի ունեցաւ յետ մահու յարգանքի եւ երախտագիտութեան յատուկ ներկայացում մը ի պատիւ տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեաններուն, որոնք երկար տարիներով նեցուկ կանգնած էին Հայ Դատին եւ հայ համայնքին, զանազան կազմակերպութիւններու աջակցելու իրենց նախաձեռնութեանց ընդմէջէն։ Տեսանիւթի մը միջոցաւ, լուսարձակի տակ առնուեցաւ Հայ Դատին ի նպաստ այս ամոլին տասնամեակներու վրայ երկարող գործունէութիւնը, միաժամանակ երախտագիտութիւն յայտնուեցաւ Շիրվանեան ընտանիքին։
Այս առիթով, յատուկ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Շիրվանեաններու զաւակներուն՝ Ալիս Պետրոսեանին եւ Արմէն Շիրվանեանին, ձեռամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ՝ Հերմինէ Փախանեանսի եւ Պերճ Կարապետեանի։
Ձեռնարկը փակուեցաւ հանգուցեալ Շարլ Ազնաւուրի «Լա Պոէմ» երգին տեսանիւթին ցուցադրութեամբ։