ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան բացայայտ կերպով իր դերակատարութիւնը ունեցաւ սուրիական տագնապի սրումին մէջ՝ բազմաբնոյթ օժանդակութիւն ցուցաբերելով զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ պատճառ դառնալով հազարաւոր սուրիացիներու սպանութեան եւ միլիոնաւոր մարդոց գաղթին:
«Ժամանակն է արդէն սուրիացի տեղահանուածները վերադարձնելու իրենց երկիրը եւ օգնելու Սուրիոյ պետութեան, որ վերականգնէ երկիրը եւ վերաշինէ այն, ինչը ահաբեկիչները քանդեցին», յայտնեց Քըլըճտարօղլու:
Ամերիկացի պատուելի Էնտրու Պրանսընի ազատ արձակման անդրադառնալով՝ Քըլըճտարօղլու ըսաւ. «Էրտողան պէտք է յստակացնէ, թէ ինչո՛ւ, ի՛նչ բանի փոխարէն եւ ինչպէ՛ս տեղի ունեցաւ անոր ազատ արձակումը, երբ նախապէս Էրտողան անոր եւ Ամերիկայի դէմ հանդէս եկած էր ծանր խօսքերով՝ պատուելին հռչակած էր դաւաճան, լրտես, գործակալ եւ ահաբեկիչ»։
Քըլըճտարօղլու աւելցուց. «Էրտողան յաճախ, ներքին եւ արտաքին հարցերուն պարագային, կը խաբէ Թուրքիոյ ժողովուրդը: Անոր սխալ ու ձախող քաղաքականութեան հետեւանքով է որ երկիրը հասաւ տնտեսական եւ քաղաքական ներկայ ճգնաժամին»:
Վերջապէս, Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսութիւն մուտք գործելէ ետք անհետացած լրագրող Ճամալ Խաշոկճիի անհետացման հարցին անդրադառնալով՝ Քըլըճտարօղլու ըսաւ. «Յստակ դարձաւ, որ Խաշոկճի սպաննուած է հիւպատոսարանին մէջ. այս մասին վկայեցին նաեւ Էրտողանի կողմնակից լրատուամիջոցները։ Թուրքիա ինչո՞ւ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններուն դէմ գործնական որեւէ քայլի չդիմեց»: