ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զօհրաբ Մնացականեան էական կը գտնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթընի այցելութիւնը Հայաստան: Մնացականեան այս մասին ակնարկեց Հինգշաբթի, 18 Հոկտեմբերին, կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին:
«Այցին աւելի մօտ շրջանում այդ մասին կը խօսենք, հիմա մենք պատրաստւում ենք, շատ էական է այցը: Բոլթոնը գալիս է Ռուսաստան, գալիս է տարածաշրջան, եւ մենք ունենք մեր օրակարգն ԱՄՆի հետ, որը հաստատուած է, տարիներով ձեւաւորուած: Կան երկկողմ հարցեր, կայ տարածաշրջանային օրակարգ, որի շուրջ ԱՄՆի ներկայացուցչի հետ անցկացնելու ենք հանդիպումներ», ըստ «Արմէնպրես»ի՝ յայտնեց Զօհրաբ Մնացականեան:
Պոլթընի այցելութիւնը Հայաստան–ՆԱԹՕ յարաբերութիւններու յաւելեալ զարգացման նպատակ կը հետապնդէ՞. այս հարցումին պատասխանելով՝ Մնացականեան ըսաւ. «Մենք ունենք մեր ձեւաւորուած դիրքորոշումներն ու մնում ենք այդ դիրքորոշումների շրջանակում»: