ԵՐԵՒԱՆ.- Յարմարեցման հիմնադրամի (Adaptation Fund) խորհուրդը հաստատած է Բնապահպանութեան նախարարութեան «Բնապահպանական ծրագիրներու իրականացման գրասենեակ» պետական հիմնարկի մշակած «Արթիկ քաղաքի փակուած քարհանքի թափօններու եւ ջրհեղեղներու կառավարում նախատիպային ծրագիր»»:
Սոյն ծրագրին իրականացման համար Յարմարեցման հիմնադրամը Հայաստանին պիտի տրամադրի 1,435,100 տոլար: Ծրագիրին նպատակն է՝ բարձրացնել Արթիկ քաղաքի դիմակայութիւնը օդերեւութաբանական սպառնալիքներուն, որոնց յաճախականութիւնը եւ խստութիւնը տարուէ տարի կ՛աճին կլիմայի փոփոխութեան պատճառով: