Շաբաթ, 13 Հոկտեմբերին, Նիւ Եորքի «Կրենտ Հայաթ» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած մեծարանքի ութերորդ հանդիսութիւնը, հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ:
Օրուան հանդիսավարն էր Սարա Լիա Ուիթսըն, որ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի «Հիւմըն Ռայթ Ուաչ» ոչ-կառավարական հիմնարկի պատասխանատուն է: Ան բեմ հրաւիրեց Յուշեր Պզտիկեանը, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները մեներգելով կատարեց հանդիսութեան բացումը:
Ապա, Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի առաջնորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան կատարեց բացման աղօթքը:
Սարա Լիա Ուիթսըն յայտնեց, թէ այս տարուան մեծարանքի երեկոն կը զուգադիպի Հայաստանի Ա. Անկախութեան հարիւրամեակին: «Այս հարիւր տարիները ցոյց կու տան, թէ որքա՜ն ճամբայ կտրած ենք, յատկապէս պայքարելով ահաւոր կացութիւններու դէմ: Եւ այս գծով, Հայ Դատը առաջնահերթ դեր խաղցած է, յատկապէս քաղաքականութեան բեմահարթակին վրայ», ըսաւ ան:
Այս ձեռնարկին կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Օտրի Մարտոյեան, որ տեղեկացուց, թէ այս տարուան հանդիսութեան ընթացքին, յատուկ յիշատակի շքանշաններ պիտի ստանան Հայ Դատի համար աշխատած անձնաւորութիւններ:
Մարտոյեան վեր առաւ, երիտասարդներու կատարած ներդրումը եւ այս առթիւ շքանշաններով պարգեւատրեց անցեալ ամրան երիտասարդներու յատուկ «Լէօ Սարգիսեան» դասընթացքին մաս-նակցող երտասարդներ Ատրիէն Թազեան-Շուարցը, Վիքթորիա Միսիկեանը եւ Անդրանիկ Քէչէճեանը:
Այս տարուան «Վահան Գարտաշեան» մրցանակը տարիներ շարունակ Հայ Դատի բնագաւառէն ներս ծառայած Քեն Սարաճեանին յանձնուեցաւ։ Ան վերջերս, Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի պատասխանատու տնօրէն Շանթ Մարտիրոսեանի հետ գործակցաբար, գաղափարը յղացած էր Հայոց Ցեղասպանութեան յատուկ դաստիարակչական յայտագիր մը պատրաստել Նիւ Ճըրզիի շրջանին մէջ:
Սարաճեան իր խօսքին մէջ Ըսաւ. «Ես չեմ, այլ մենք ենք այս բոլոր կատարուածներուն ետին: Կարելի չէ մէկ անձով հասնիլ այս արդիւնքներուն: Այս է մեր գործելաձեւը: Պայքարիլ, տեսակցիլ, պինդ մնալ ու շարունակ գործել…»:
Ներկաները վայրկեան մը յոտընկայս յարգեցին յիշատակը առյաւէտ հեռացած Մովսէս Տէր Յովհաննէսեանի եւ 2016ի «Վահան Գարտաշեան» մրցանակակիր Լեւոն Բալեանի:
Ապա, բեմ բարձրացաւ մարդկային իրաւունքներու համար պայքարող ռուանտացի Քոնսոլի Նիշիմուէ, որ կորսնցուցած է ընտանեկան պարագաներ 1994ին թութսիներու դէմ կատարուած ջարդին իբրեւ արդիւնք: Նիշիմուէ ըսաւ, թէ ցեղասպանութեան մը ետին կանգնող պետութիւններ եթէ չպատժուին, բնականաբար պիտի շարունակուին նմանօրինակ զարհուրելի դէպքեր:
Նիշիմուէ բեմ հրաւիրեց «Ազատութիւն» մրցանակին համար նկատի առնուած «Խոստում» (The Promis) ժապաւէնի իրլանտացի բեմադրիչ Թերի Ճորճը։
«Մենք՝ իրլանտացիներս, հայերս եւ ռուանտացիներս շատ տառապած ենք: Յստակ է, թէ որքան տառապած ենք… Ժապաւէնը դիտելէ ետք, երբ երիտասարդներ կը մօտենան եւ կը հարցնեն, թէ տեղեակ չէին այս ցեղասպանութենէն, այդ պարագային աւելի կ՛անհանգստանաս, թէ որքան անարդար է պատահածը», նշեց Ճորճ՝ շեշտելով, թէ երբ ժապաւէնի աւարտի մասը կը պատրաստուէր Սպանիոյ մէջ, նոյն ժամանակ հեռատեսիլէն կը ցուցադրուէր եզիտիներու ջարդն ու տեղահանումը Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ:
«Ազատութիւն» մրցանականակիր Էրիք Իսրայէլեան չէր կրցած ներկայ գտնուիլ երեկոյին, սակայն յատուկ տեսերիզով պատրաստած էր իր խօսքը, որուն մէջ ան շնորհակալութիւն կը յայտնէր՝ շեշտելով, թէ Քըրք Քերքորեանի յետ մահու փափաքը իրականացաւ:
Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճորճ Աղճայեան բեմ հրաւիրուեցաւ, փոխանցելու իր խօսքը: Ան ըսաւ, թէ շարունակ եւ հետեւողականօրէն կը յայտարարենք Հայ Դատի համար օժանդակութեան արշաւ, Հայ Դատի նուիրահաւաք: Հայորդին անվերապահ եւ ամբողջական գիտակցութեամբ կ՛ընդառաջէ այս կոչերուն, որովհետեւ հաւատացած է, որ այս մեր գոյութեան իմաստն է։ Եթէ Հայ Դատի հետապնդման ընդհանուր աշխատանքներէն վայրկեան մը կանգ առնուի, բնականաբար, իբրեւ հայութիւն, գործընթացը դժուար կ՛ըլլայ եւ ենթակայ՝ մեծ մարտահրաւէրներու եւ վտանգներու:
Օրուան վերջին խօսքը փոխանցեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Ռաֆֆի Համբարեան, որ ամփոփելով օրուան հանդիսութիւնը՝ յայտնեց թէ Հայ Դատի յանձնախումբը կը լսէ տեսակէտները եւ կը հունաւորէ իր աշխատանքը: Ան աւելցուց, թէ աշխատանքը այնքան բազմածիր է, որ իսկապէս հայ ժողովուրդէն մեծ նիւթական եւ բարոյական ներդրում ու մեծ կարողականութիւն կը պահանջէ:
Աւարտին, առաջնորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան եւ Նիւ Եորքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան կատարեցին փակման աղօթքը: