ՓԻՔՕ ՌԻՎԵՐԱ.- Վերամուտի եւ մշակոյթի ամսուան առիթով, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 11 Հոկտեմբերին այցելեց Ազգային Մեսրոպեան վարժարան եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէնին՝ Դաւիթ Ղուկասեանի, Ռոն եւ Գոհարիկ Կապրիէլ մանկամսուրի վարիչին՝ Անգին Իսքաճեանի, ուսուցիչներուն, անձնակազմի անդամներուն եւ աշակերտներուն հետ։ Առաջնորդ սրբազան հօր կ՛ընկերանային Ս. Խաչ Մայր տաճարի տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան։ Ներկայ էին տաճարի հոգաբարձութեան ատենապետուհին եւ անդամներ, ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի եւ ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղի ներկայացուցիչները, վարժարանի ուսումնական մարմինի եւ ծնողաօժանդակ մարմինի անդամներ։
Մանկապարտէզի աշակերտները առաջնորդը դիմաւորեցին աղ ու հացով եւ արտասանեցին վարժարանին ուխտը։ Դասարանին մէջ, սրբազանը մտերմիկ զրոյց ունեցաւ մանուկներուն հետ եւ օրհնեց զանոնք։
Այնուհետեւ, առաջնորդ սրբազանը այցելեց նախակրթարանի դասարանները եւ աշակերտներուն հետ ունեցաւ հարցում-պատասխանի պահ մը, հիմնականին մէջ վեր առնելով Թարգմանչաց սերունդի աւանդին ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ։
6րդէն 12րդ կարգի աշակերտները համախմբուած էին վարժարանին մէջ կանգնած՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի յուշարձանին առջեւ, ուր գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը։ Աշակերտական խորհուրդին անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Անի Խաչիկեան, աշակերտուհի մը՝ Մերի Ճաւահերեան արտասանեց Սիլվա Կապուտիկեանէն «Մեր Սէրը» բանաստեղծութիւնը, իսկ տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան արտասանեց սրտի խօսք մը, ուրախութիւն յայտնելով առաջնորդին ներկայութեան համար, ապա հրաւիրեց սրբազանը արտասանելու իր պատգամը։
Սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց, որ անգամ մը եւս կը գտնուի այս յարկին տակ, որ կը կրէ մեր մշակոյթի հիմնադիրներէն Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի անունը, իսկ այս այցելութիւնը կը զուգադիպի Մշակոյթի ամսուան ու Թարգմանչաց տօնի նախօրեակին։ Մեկնելով բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Հայ Գիրքը՝ Շե՛մ Ոսկի» գրքոյկի խորագիրին հետեւող բանաստեղծութեան մտածումներէն, որ հայ գիրքը կը նմանցնէ «հայ մանկան աւազա՛ն հայ մկրտութեան», նաեւ՝ «խորան հայոց, ուր քահանայ որպէս, Մաշտոց կը բաշխէ Բանը մայրենի…», առաջնորդը շեշտեց, որ մեր մշակոյթի հիմնադիրները մեծ զոհողութիւններով կերտած են մշակութային հսկայ ժառանգութիւն ու հասցուցած մեզի, որպէսզի հայ մկրտեն մեզ։ Եւ ինչպէս որ Յիսուս իր մուրճով հիմը դրաւ Ս. Էջմիածինի տաճարին, քրիստոնէութեան լոյսը բերելով մեզի, այնպէս ալ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, Ս. Սահակ Պարթեւ հայրապետ ու անոնց աշակերտները մշակոյթի լոյսը բերին Հայաստան աշխարհ։ Ան աշակերտները յորդորեց արժանաւոր զաւակները ըլլալու Թարգմանչաց սերունդին ու իրենց կեանքին մէջ ապրեցնել անոնց ժառանգութիւնը։
Պաշտօնական յայտագիրին աւարտին տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրասիրութիւն։