ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի մօտ Եւրոմիութեան դեսպան Փիոթր Սուիթալսկի «Ազատութիւն» ռարդիօկայանի հայկական ծառայութեան ղեկավար Հրայր Թամրազեանի հարցումին պատասխանելով՝ ընդգծեց, որ Եւրոմիութիւնը, Գերմանիան, Շուէտը եւ Մեծն Բրիտանիան յայտարարած են արտահերթ ընտրութիւններուն աջակցութիւն ցուցաբերելու իրենց պատրաստակամութեան մասին:
«Դա շատ ուժեղ յայտարարութիւն է: Տեղեկացնեմ ձեզ, որ դէպի Հայաստան դրսից եկող աջակցութեան ողջ ծաւալը կը լինի բացառապէս եւրոպական աջակցութիւն, այսինքն կ՛աջակցեն Եւրամիութիւնն եւ երեք անդամ պետութիւնները: Չեն լինելու ո՛չ ամերիկեան փողեր, ո՛չ ճապոնական փողեր: Դա շատ կարեւոր է, դա յայտարարութիւն է եւ, անկեղծ ասած, ես իսկապէս շատ հպարտ եմ մեզ համար, որովհետեւ Եւրամիութեանը սովորաբար շատ ժամանակ է անհրաժեշտ լինում, բայց մենք միշտ մեր մտքի ծայրում ունեցել ենք, որ ընտրութիւնները կարող են տեղի ունենալ աւելի շուտ: Այնպէս որ, մենք գումար ենք նախատեսել: Ըստ էութեան, Հայաստանի կառավարութեան ներդրմամբ բոլոր կարիքները բաւարարուած են: Չափանիշները նոյնն են, ինչ 2017 թուականին՝ ընտրողների նոյնականացումն ու տեսախցիկները: Կան որոշ լոգիստիկ դժուարութիւններ, քանի որ ՄԱԿի համար այս կարճ ժամանակահատուածը դժուարութիւն է ներկայացնում: Բայց նրանք մեզ ասում են, որ պատրաստ են դա անել: Կը լինեն լրացուցիչ ծախսեր», ըսաւ Սուիթալսկի:
ԵՄ դեսպանը յստակացուց, որ նախկին 11 միլիոն եուրոյին փոխարէն այս անգամ յատկացումը պիտի ըլլայ 3 միլիոնէն քիչ մը աւելի:
Այս օրերուն Հայաստան գտնուող Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնօրէնութեան գործադիր տնօրէն Թոմաս Մայր-Հարտինկ յայտեց, որ Դեկտեմբերին կ՛ակնկալեն ազատ եւ արդար խորհրդարանական ընտրութիւններ, եւ այլ նուիրատու երկիրներու հետ աջակցութիւն պիտի տրամադրեն ընտրութիւններու իրականացման:
«Կարծում եմ՝ Հայաստան ժամանեցինք լաւ ժամանակահատուածում՝ ժողովրդավարական փոփոխութիւններից յետոյ այս փուլում, եւ միեւնոյն ժամանակ Հայաստան-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի իրագործման վաղ շրջանում: Մեզ համար կարեւոր է տեսնել խաղաղ փոփոխութեան այն յանձնառութիւնը, որին ականատես դարձանք այստեղ, կոռուպցիան (զեղծարարութիւնը-Խմբ.) արմատախիլ անելու յանձնառութիւնը, Հայաստանի՝ օրէնքի գերակայութեան վրայ խարսխուած, իսկապէս անկախ դատական իշխանութիւն ունեցող ժամանակակից հասարակութիւն դարձնելու յանձնառութիւնը», ըսաւ Հարտինկ: