Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Հոկտեմբեր 18ին այցելեց Արցախի՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանագիծի արեւելեան հատուած, ուր ծանօթացաւ զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:
Նախագահին ընկերակցեցաւ պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան: