Դեսպան Միլզի հարցազրոյցը մեկնաբանեց նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան:
«Մենք չունինք «գրաւուած տարածքներ» հասկացողութիւնը: Գրաւումը իր մէջ կը պարունակէ հետեւեալ հանգամանքները՝ ուրիշի տարածքի գրաւում՝ սեփական կարիքներուն համար, նախօրօք ծրագրաւորուած գրաւում: Մենք որեւէ մէկուն տարածքը չենք գրաւած որեւէ պատճառներով, սեփական կարիքներու համար:
Արցախեան շարժման վերջին փուլին, որ սկսաւ 1988ին, որեւէ հարց չկար տարածքներու վերաբերեալ. Արցախը փորձեց ինքնորոշ դառնալ, որովհետեւ մեզի համար գոյութեան տարբերակ չկար Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Հետեւաբար, այդ ժամանակ մենք կը մտածէինք, որ կարգավիճակի փոփոխութիւնը ինքնաբերաբար թոյլ կու տայ մեզի գոյատեւել, բայց կեանքը ցոյց տուաւ, որ այդ այդպէս չէ. Ատրպէյճանը յարձակեցաւ, փորձեց ոչնչացնել մեզ, ցեղասպանութիւն կատարեց ամբողջ նախկին խորհրդային Ատրպէյճանի տարածքին: Մենք, որպէսզի փրկուէինք, ստիպուած եղանք կրակակէտեր ոչնչացնել, եւ փոխուեցաւ քարտէսը, փոխուեցան սահմանները: Վստահաբար գրաւուած տարածքները պէտք է վերադարձնենք, բայց մենք չունինք գրաւուած տարածքներ», ըսաւ Բաբայեան: