ԵՐԵՒԱՆ.- Հոկտեմբեր 15ի լոյս 16ի գիշերը, ռուս սահմանապահները ձերբակալեցին հայ-թրքական սահմանը խախտելու փորձի ձեռնարկած խումբ մը:
Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ սահմանախախտները փորձած են գիշերը գաղտնի մտնել Արաքս գետը ու հատել սահմանը, սակայն Արտաշատի սահմանապահ ջոկատի զինուորները կանխած են այդ փորձը:
Նախնական տուեալներու հանաձայն՝ ձերբակալուածները ծագումով Հարաւային Ասիայէն են:
Սահմանախախտները փոխանցուած են Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն: