ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, Շաբաթ, 6 Հոկտեմբերի երեկոյեան, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակին եւ անկախութեան վերականգնման 27ամեակին առիթով ազգագրական եւ ազգային երգերու երեկոն, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան հայրենի երգիչներ՝ Գոհար Յովհաննիսեան, Ռուբէն Սասունցի եւ Աղասի Իսպիրեան:
Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան անունով Նաթալի Քենտիրճեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն՝ հրաւիրեց բոլորը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու տաղանդաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը: Ան յայտնեց, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ անկախութիւններուն առիթով ազգագրական եւ ազգային երգերու փառատօն է այսօր»՝ շարունակելով. «Բազմախորհուրդ ու բազմաշերտ է աւանդը Մայիս 28ին, անգնահատելի ներգործութեամբ յատկապէս Սփիւռքի հայութեան կեանքին վրայ: Սփիւռքի մաշեցնող պայմաններուն դէմ, դպրոցներու եւ ակումբներու մթնոլորտին մէջ Մայիս 28էն ժառանգուած տեսիլքը հետապնդուեցաւ եւ այդ տեսիլքով հայրենիք կերտուեցաւ եւ իրերայաջորդ սերունդներ հաւատարիմ քաղաքացիներ դարձան այդ հոգեկան հայրենիքին: Մայիս 28ը գերազանց հպարտութեան աւանդը ձգեց Սփիւռքին եւ իրականութիւն դարձուց անկախութեան վերականգնումը»: Ապա ան բեմ հրաւիրեց ազգագրական եւ ազգային երգերու մեկնաբաններ Գոհար Յովհաննիսեանը, Ռուբէն Սասունցին եւ Աղասի Իսպիրեանը:
Մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ հայրենի երգիչները երգեցին ազգագրական եւ ռազմահայրենասիրական երգեր: Խանդավառուած ազգագրական երգերու ջերմութենէն, ժողովուրդը շուրջպար բռնեց։