ՔԱՆՈԿԱ ՓԱՐՔ, «Նոր Օր».- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20ին, ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցան երեք ձեռնարկներ, նշելով մեր սիրելի հայրենիքի անկախութեան 27րդ տարեդարձը.
– «Հայ ոգի» տիկնանց յանձնախումբը զբօսանքին հրամցուց աւանդական դարձած հատիկը, հայկական երգ-երաժշտութեան հնչիւններուն տակ:
– Միջնակարգի եւ երկրորդականի դասարանները, հաւաքուելով «Աղաճանեան» հանդիսասրահին մէջ՝ նշեցին Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը: Արդէն սովորութիւն դարձած է, որ 11րդ դասարանցիներ այս առիթով պատմեն Հայաստան կատարած իրենց այցելութեան տպաւորութիւններուն մասին, փոխանցեն օրուան խորհուրդը եւ ցուցադրեն հայաստանեան իրենց նկարներն ու տեսանիւթը: Այս տարին կը տարբերէր նախորդներէն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով: Միջնակարգի «Glee club» երգչախումբը հանդէս եկաւ Երեւանին ու Հայաստանին նուիրուած երգերով, գլխաւորութեամբ իրենց ուսուցչուհիին՝ Քրիստինա Խոջոյեանի: Պարախումբին ելոյթները եկան աւելի խանդավառելու աշակերտները:
– Մանկապարտէզէն հինգերորդ դասարանցիներ ելոյթ ունեցան դասարանային արտասանութիւններով, երգչախմբային հայրենասիրական խմբերգներով եւ նազելաճեմ ու խրոխտ պարերով: Անոնք վայելեցին նաեւ 11րդ դասարանին անցեալ Մայիսին Հայաստան կատարած այցելութեան տեսանիւթը, ինչպէս նաեւ իրենց դասընկերներէն Անթընի Պեսնիլեանի պատրաստած տպաւորութիւնները՝ Հայաստանէն:
Շնորհաւորելի են հայերէնի բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, ինչպէս նաեւ նախակրթարանի երգչախումբի ղեկավար Արուս Անդրէասեանն ու պարուսոյց Արա Մելքոնեանը:
Նոյն օրը, իրենց իսկ պատրաստած անհատական թէ խմբային եռագոյն դրօշակներով Արտեմիս Նազարեան ծաղկոցի երեխաները քայլերթ կատարեցին, հայրենասիրական երգերու տակ պարեցին, որմէ ետք Անի Քէշիշեան՝ իրենց հասկնալի լեզուով, փոխանցեց օրուան խորհուրդը, տալով դրօշակին գոյներուն բացատրութիւնը: Երեխաներուն բաժնուեցաւ նաեւ հայկական-տօնական գաթա:
«ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԳԻՇԵՐՆԵՐ»
«Երեւանեան գիշերներ» անունը կրող խրախճանքը վարժարանի մնայուն ծրագիրներէն մէկն է, որ արդէն 7րդ տարին ըլլալով կը նշուի դպրոցին շրջափակին մէջ, եւ անիկա նուիրուած է Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին:
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28ի գիշերը անմոռանալի օր մը հանդիսացաւ ներկաներուն համար:
Վարժարանիս տնօրէնութիւնը, գրասենեկային պաշտօնէութիւնը, «Հայ ոգի» տիկնանց յանձնախումբը եւ հայերէնի բաժանմունքը միասնաբար կազմակերպած էին այս տարուան խրախճանքը, որուն ներկայ գտնուեցան 400 հիւրեր եւ հարիւրեակ մը աշակերտներ:
Աւանդական տհոլ-զուռնայով պարախումբը մուտք գործեց պարահարթակ, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիրը: Հան-դիսավար Հրաչ Սեփեթճեան բարի գալստեան խօսքեր արտասանելով հրաւիրեց «Հայ ոգի» տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Ասլին Դուրեանը եւ Քրիսթին Մանսուրեանը, որոնք հայերէնով եւ անգլերէնով ողջունեցին հիւրերը: Իր պատգամը ուղղեց եւ սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան:
Երկրորդ եւ երրորդ դասարանցիներէն կազմուած պարախումբը թնդացուց բակը «Գետաշէն» պարով, որուն յաջորդեց 7րդ դասարանցի Լիլիա Անտոնեանի բացառիկ մեներգը՝ «Հայաստանի երգը»:
«Արտաշատ», «Զեփիւռ» եւ «Զուռնի» պարերով եւ միջնակարգի «Glee club»ի՝ «Երեւան» երգով գագաթնակէտին հասան տրամադրութիւնները:
Գեղարուեստական մասի աւարտին, արուեստագէտները դհոլ-զուռնայով անգամ մը եւս մուտք գործեցին բեմ եւ ցուցադրեցին իրենց արուեստը:
Յատկանշական է, որ օրուան երգերու բաժինը վստահուած էր աշակերտներուն, որոնք լաւագոյնս կատարեցին իրենց պարտականութիւնները մինչեւ ուշ գիշեր խանդավառ պահելով պարահարթակը: Օրուան հիւր երգիչն էր հայ թէ օտար բեմերու փնտռուած երգիչ Ժոզէֆ Գրիգորեան, որ հանդէս եկաւ ազգային, հայրենասիրական եւ ժողովրդական ճոխ երգերով:
Բացառիկ երեկոյ մը, երբ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ ներկաները մեծ գոհունակութիւն ստացան: Ճաշի սպասարկութիւնը վստահուած էր «Սալբի»ին, իսկ սեղաններուն վրայ զետեղուած նռնենիները բաժին հասան բախտաւորներուն:
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ, մասնակցութեամբ, քաջալերանքով եւ աշխատանքով նպաստեցին այս ձեռնարկին յաջողութեան:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)