ԹԱՒՐԻԶ.- Չորեքշաբթի, 10 Հոկտեմբերի երեկոյեան, ձեռամբ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի, Ազգային առաջնորդարանի «Հ. Ոսկանեան» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ գերմանացի արուեստագէտ Մարկոս Էնտլերի «Պատուհան» խորագիրով գծանկարչական ցուցահանդէսին, հովանաւորութեամբ Ազգային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան:
Արուեստասէր բազմութիւն մը լեցուցած էր սրահը, որուն շարքին էին Թաւրիզի հոգեւոր հովիւը, Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան անդամներ, թաւրիզահայ միութիւններու անդամներ եւ համալսարանականներ: Արուեստագէտը ինք բացումը կատարեց յատուկ խօսքով, ներկայացնելով վերջին մէկ շաբաթուան ընթացքին իր ստեղծագործած աշխատանքները, օգտուելով Ատրպատական կատարած իր այցելութենէն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր եւ Ազգային վարչութեան, հիւրընկալութեան համար, ինչպէս նաեւ Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան սոյն ցուցահանդէսի կազմակերպման առիթով։ ««Պատուհան» խորագրեցի իմ այս ցուցահանդէսը, որովհետեւ իմ հայեցողութեան պատուհանէն նայեցայ Ատրպատականի կեանքին եւ գծագրեցի այնպէս, ինչպէս ես տեսայ այս երկրի կեանքը», ըսաւ ան եւ իբրեւ վերջաբան, Թաւրիզի մէջ գրած իր մէկ բանաստեղծութիւնը կարդաց գերմաներէնով, որ պատկերաւոր ոճով կը ներկայացնէր քաղաքի առօրեան:
Իւրայատուկ ոճով, արագ եւ շատ վարպետօրէն գծանկարուած ածխամատիտի պատկերները կը ներկայացնէին դէմքեր եւ վայրեր, վերջին շաբաթուան ընթացքին, Էնտլերի Ատրպատականի մէջ տեսած անձերէն եւ հայկականութեան հետ առնչուած սրբավայրերէն: Նկարուած անձերուն մէջ կային ծանօթներ եւ պատահական մարդիկ, անցորդներ, իսկ վայրերէն՝ մեզի ծանօթ սրբավայրեր, տեսարժան վայրեր, ինչպէս նաեւ կառոյցներուն մէջ եղած աննշմարելի մանրամասնութիւններ: Անոնցմէ էին այն պատուհանները, զորս ան նշմարած էր Ս. Ստեփանոսի աշտարակներէն մէկուն վրայ, Ս. Թադէի վանքի վանական խուցերէն մէկուն վրայ, ինչպէս նաեւ Հովուի մատուռի ճակատին, նեղլիկ բայց խորհրդաւոր, որոնցմէ ներշնչուած՝ ան անուանած էր իր անհատական ցուցահանդէսը:
Ապա, առաջնորդ սրբազանը հրաւիրուեցաւ իր գնահատանքի խօսքը ուղղելու այս առիթով: Սրբազանը բարձր գնահատեց արուեստագէտը, որ կրցեր էր այսքան կարճ ժամանակի մէջ շուրջ քառասուն գծանկարներ ստեղծագործել: Ապա, ան գնահատեց նաեւ Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութիւնը, որ դարձեալ շատ կարճ միջոցի մէջ յաջողեր էր կազմակերպել սոյն ցուցահանդէսը:
Սրբազանը, անդրադառնալով ներկայացուած գործերու բնոյթին՝ վերնագիրէն քաղեց խորհուրդը՝ ըսելով. ««Պատուհան»ը երկիմաստ գաղափար ունի. անկէ կրնաս դուրս նայիլ եւ ներս: Այսօր, Էնտլերը մեր «պատուհան»էն ներս նայեցաւ, ու տեսաւ մեր թեմի արժէքները, զորս մենք երբեմն չենք նկատեր: Այսօրուան այս ցուցահանդէսը ինքնին վկայութիւն է այս մասին, որ ազգեր, իրարու մշակոյթը փոխադարձաբար ճանչնալով՝ աւելի կը հարստանան»:
Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան կողմէ մատուցուած հիւրասիրութեան ընթացքին, ներկաները առիթ ունեցան տեսնելու արուեստի գործերը, ինչպէս նաեւ ծանօթանալու արուեստագէտին հետ: Նոյն միջոցին արուեստագէտ Էնտլեր, ընդամէնը քանի վայրկեանի մը մէջ նկարեց Ազգային վարչութեան ատենապետ Ռուբիկ Ջանանեանը եւ նոյն վարչութեան անդամ եւ «Ոսկանեան» սրահի բարերար Համազասպ Ոսկանեանի պատկերները, գնահատուելով բոլոր ներկաներուն կողմէ: