«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Վերջին շրջանին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը շարունակ հարուածի տակ է՝ իր քաղաքական դիրքորոշումներուն համար: Սուր քննադատութիւններ, թունաւոր խօսքեր իրար կը հրմշտկեն մամուլին եւ հասարակական ցանցերու մէջ:
Բոլոր քննադատութիւնները լայնասրտօրէն ընդունելու համաձայն ըլլալով՝ կը հասկնանք նաեւ նոյն ոճով եւ թերեւս աւելի սուր հակաճառութիւնները դաշնակցական ընկերներու կողմէ, որոնց վիրաւորուած զգացումներն ու վրդովումը բոլորինս են:
Այս բոլորով հանդերձ, չենք ուզեր իյնալ ընդհանրապէս ու պատմականօրէն դաշնակցութեան չհամակրողներու այն ծուղակին մէջ, որ կը փորձէ կուսակցութեան կազմակերպական միասնականութիւնը կասկածի տակ դնել:
Ամէն անգամ որ դաշնակցական հարթակներու վրայ կուսակցութեան քաղաքականութեան քննարկումը կատարուի, ամէն անգամ որ այդ քննարկումներուն մէջ քննադատական երանգներ նկատուին, բացայայտ թէ թաքուն ակնարկները կը սկսին լայն շրջագայութիւն գտնելու՝ կուսակցութեան ներքին պառակտումներու հաւանականութեան վերաբերեալ: Այս աղմուկին պատասխանելու փորձութեան զոհ երթալով՝ յաճախ դաշնակցական գործիչներ կը պարտաւորուին կատարել կուսակցութեան միասնականութեան մասին պնդումներ, հաստատումներ, որոնց կարիքը չենք տեսներ:
Դաշնակցութիւնը կուռ կառոյց ունի եւ իր արժէքներու շարքին իրաւունք ունի յոխորտալու անոր ուժով, դիմադրականութեամբ: Քաղաքական հարցերուն ներքին քննարկումները, քննադատութիւնները, դրական կամ բացասական գնահատումները, նոյնիսկ ներքին պրկումները չեն կրնար սպառնալ կուսակցութեան միասնական կառոյցին։
Կուսակցութեան պառակտման մասին գուշակութիւնները կարելի է գնահատել՝ իբրեւ ներքին ազատ քննարկումները խանգարելու, արուեստականօրէն խոչընդոտելու արտաքին ճնշման անուղղակի միջոցներ, որոնք պէտք է պարզապէս անտեսուին:
Կուռ կառոյցը ինքնին կուսակցութեան մշտական կենսունակութեան գաղտնիքը կը պահէ իր մէջ:
Lav hotvads e meg habavoomov.
Ays oreroo okdagar.
Lav hotvads e, meg hanavoomov.
Ays oreroon okdagar.