Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը Սեբաստիոյ (Փոքր Հայք) Տեւրիկի բերդը կը ներկայացնէ իբրեւ թրքական բերդ:
Թերթին մէջ նշուած է, որ իբրեւ թէ բերդը կառուցած են թրքական ցեղերը 1230ական թուականներուն:
Նշենք, որ Տեւրիկը կառուցուած է 855ին, պաւլիկեան շարժումի առաջնորդ Կարբիասի կողմէ: Հայ զօրավարը բերդը օգտագործած է իբրեւ զինուորական խարիսխ՝ բիւզանդացիներու դէմ իր պայքարին մէջ: Տեւրիկը 11րդ դարու վերջերուն գրաւած են սելճուքները, 1242ին՝ թաթար-մոնկոլները, իսկ 14 դարու սկիզբը՝ օսմանցի թուրքերը: