ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՕԾՄԱՆ 50 ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ
Ուխտաւորաբար կը մեկնիմ Անթիլիաս, սրբազան օճախը՝ Հայ Առաքելական Մայր Սուրբ եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր ու պատմական կաթողիկոսութեան: Ամերիկեան հեռաւորագոյն ափէն՝ հայրապետանոց կ՛երթամ հաւատքի ցուպիս կառչած, յոյսի լապտերը հոգւոյս եւ առ Մայրավանք սիրոյ յոյզերով առլցուն:
Արարչէն հոգեւորապէս արարուած, բազում հոգեւոր սպասաւորաց ծննդավայրը կ՛երթամ. հոն, ուր երիտասարդ նուիրեալներու ուսերուն դրուած ծառայութեան խորհրդանիշ ուրարը՝ ժամանակի ընթացքին պարանոցներէն անցնելով, դարձած էր փորուրար: Մեր անթիլիասական ինքնութիւնը՝ անկորնչելի վկայարանին ուխտաւորը մնալու մեր ճշմարտութիւնը, անօրինակ պարծանք մը կու տայ մեր անձին, առաքելական, Պօղոսեա՛ն պարծանք:
Ես Անթիլիաս կ՛երթամ անանձնական ուրախութեամբ մը, մի՛շտ իմիններէս սպասուած ըլլալու քաղցրագոյն համոզումով: Աթոռի Միաբանական ուխտին անդամագրուած կիլիկեան խաչակիրներս ա՛յս խորհուրդով է, որ մեր քայլերը կ՛առաջնորդենք Տէրունական Տան սրբատաշ պարիսպներէն ներս, ամէն անգամ, երբ առիթը ստեղծուի թեմերէն ուխտաւորաբար սրբավայր այցելելու, եւ մեր հոգւոյ կանթեղին աննիւթական ձէթ լեցնելու: Սրբանուէր դաշինքներու անքակտելիութիւնը, պատկանելութեան գիտակցութիւնը եւ կոչումին հաւատարմութիւնը բարձ-րագոյն չափանիշներ են մարդկային հոգեիմացական հասունութեան, Մարդութեա՛ն:
«Հաւատքը հիմն է այսօրիկ տան, Յոյսը նեցուկ սիւն ամրական, Սէրն առաստաղ ծածկողական, Վայլեքն է մէջ ուրախական»: Մեր Եկեղեցւոյ իմաստուն հայրերու մտքէն պոկուած վերոյիշեալ նախադասութիւնը արժանաւորագոյն մարմնաւորում է՝ անասելի գողգոթայէն յարութեան տեսիլքով քալած Հայ Եկեղեցւոյ, արմատախիլ եղած երբեմնի Կաղնին ծլարձակումի երազով վերընձիւղուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, որուն նաեւ վստահուած էր լուսաւո՛ր պահել ջահը Արծաթէ դարուն եւ պահպանել հայկական Կիլիկիոյ Ժառանգութիւն, Աւանդութիւն, Պատմութիւն անուն կտակները:
Կը դիտեմ պատմութիւնը Աթոռին: Դէպքերուն՝ կեանք եւ դէմքերուն պատկեր տուած, կը խորասուզուիմ ես իմ մէջ: Բազում դարերու եւ բազմապիսի առիթներու ընթացքը կ՛ուրուագծեմ մտապատկերիս վրայ: Աթոռը ծաղկուն է, կը տեսնեմ կաթողիկոս, թագաւոր, տաճար, Աջ, խաչակիր, օծում, օրհնութիւն, ձեռնադրութիւն, ժողով, հանրագումարը՝ ՅԱՂԹԱՆԱԿ:
Բայց եւ կը նշմարեմ Աթոռը՝ տերեւաթափ. հալածանք, բռնագրաւում, գերութիւն, Ցեղասպանութիւն, արցունք-արիւն, սրբութեանց կողոպուտ, Մայրավանքի դատարկում, բռնագաղթ, պանդխտութիւն, անմխիթարութիւն, ամբողջութիւնը՝ ՏԱՌԱՊԱՆՔ:
Ապա, պատմական հոլովոյթին ականջալուր, կ՛ընդգծեմ Աթոռը՝ վերընձիւղուած. վերաշինութիւն, վերահաստատում, վերանորոգութիւն, վերածաղկում, միով բանիւ՝ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ:
Կիլիկեան Աթոռը, անցնող դարուն իր բովանդակ փառքով ու պատիւով, վերընձիւղեցաւ Աստուծոյ Աչքին առջեւ, մայրիներու կանաչ երկրի կապոյտ երկինքին տակ: Ահա թէ ինչո՛ւ, ազգիս պաշտպան սուրբին անունով, խունկ ու միւռոն բուրող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի բարձրացումը, Դպրեվանքին եւ տպարանին բացումը, Նահատակաց մատրան, մատենադարանին, թանգարանին, արխիւատան, միաբաններու դամբարանին, վեհարանին, միաբանական շէնքերուն, հիւրանոցներուն, գրասենեակներուն կառուցումը, յուշարձաններուն եւ խաչքարերուն կանգնումը համալրեցին Անթիլիասի Մայրավանքը, իբրեւ Կաթողիկոսարան, իբրեւ լիիրաւ հոգեւոր ու ազգային կեդրոն:
Յաղթանակէն տառապանք, հուսկ՝ դէպի վերածնունդ տողանցած Ս. Աթոռը, յոյսի ներշնչման անսպառ աղբիւր դարձաւ ազգի զաւակներուն համար, որովհետեւ Լոյսին Ճառագայթը կը ցոլար յոյսի կեդրոնէն, նո՛ր Կիլիկիայէն‘ Անթիլիասէ՜ն:
Եւ այս բոլորն են, որ եզակի առիթով ուխտաւորաբար զիս Տուն կը կանչեն: Աթոռին բացառիկ մղիչ ուժ տուած, զայն նոր հորիզոններու առաջնորդած, անշարժներն ու շարժունները, շնչողներն ու օրհնողները զիս Տուն կը կանչեն: Տաճար եւ մատուռ, կառոյց եւ առաքելութիւն, յոյս եւ լոյս, իրենց կառուցած կամ վերակառուցած, նորոգած, պահպանած, կերտած, հսկած Եզակի Վեհափառին՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին քահանայական օծման 50 ամեակին առիթով զիս ուխտաւորաբար Տուն կը կանչեն:
Վերջին գիշերն է, վաղը ճամբորդ եմ յԱնթիլիաս: Կը շարունակեմ խոկալ, կ՛անձնականանամ, կ՛ամփոփուիմ, կը յուզուիմ: Աստուծոյ փառաւոր ներկայութեան, Իր գահին բազմած, Իր հայրական եւ հսկող աչքերուն առջեւէն բազմատասնեակ հայ երիտասարդներ իրենց անձը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով նուիրեցին Հայ Եկեղեցւոյ, բոլորիս ներշնչման աղբիւր եւ Մայր՝ Կաթողիկոսութեան հրաշագործող Տաճարին երկնասլաց գմբէթներուն հովանիին ներքեւ ու Հովուապետին՝ Մեծ Վկային իրաւասու ոգեղէն վկայութեամբ: Եւ կը շշնջամ. «Երկա՜ր տարիներ Հայրապետին, որուն օրերուն -Նարեկեան բացատրութեամբ- Տաճարը, իբրեւ հրաշագործ ուռկանը մեծին, բազում հոգեւորներ «որսաց» իր մէջ»:
Ուխտի կ՛երթամ Ուխտավայր, ծնրադրելու յուսոյ Խորանին առջեւ, եւ՝ որդիաբար ողջագուրուելու, աջահամբուրելու Աստուծոյ Տան Աւագ սպասաւորը ու Կիլիկիոյ Տան Նահապետը՝ ՎԵՀԱՓԱ՜ՌԸ: