ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայաստանի կենսոլորտի մաքրութեան նպաստող բանաձեւը ջատագոված Մեսեչուսեցէն քոնկրեսական Քեթրին Քլարք, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Քալիֆորնիան ներկայացնող Տէյվիտ Վալատաու, որ առաջարդած էր Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքները շարունակելու եւ ամբողջացնելու համար անհրաժեշտ գումարները ապահովելու բանաձեւը, այն քոնկրեսականներէն են, որոնք կը գտնուին ցանկին վրայ յառաջիկայ Նոյեմբեր 6ին կայանալիք Քոնկրեսի ընտրութիւններու սեմին՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը ապահոված 179ի քոնկրեսականներու, որոնք ընտրութեանց կը մասնակցին 35 նահանագներու մէջ։
Հայ Դատի յանձնարարականներու ցանկը գլխաւորողներէն մէկն է Նիւ Ճըրզիէն ծերակուտական Պապ Մենենտեզ, որ ներկայիս Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ է եւ գլխաւոր հեղինակներէն մէկը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւին. վերջերս, ան Արցախի ապահովութեան համար երաշխիքներ ապահոված էր Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածուէն։
Ցեղասպանոթեան բանաձեւը հովանաւորողներէն մէկը հանդիսացող Թետ Քրուզ (Թեքսաս), որ նաեւ Անգարայէն պահանջած էր ներողութիւն խնդրել 2017ին Ուաշիկթընի մէջ տեղի ունեցած Էրտողանի դէմ ցոյցին մասնակցողներուն վրայ թուրք թիկնապահներու վայրագ յարձակումին համար, նմանապէս ապահոված է Հայ Դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը։
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի հիմնադիր եւ համաատենապետ Ֆրենք Փալոն (Նիւ Ճըրզի) եւս կը շարունակէ վայելել Հայ Դատի աջակցութիւնը։ Ան անցեալ տարի Արցախի Հանրապետութիւն այցելած էր եւ վերադարաձին ներկայացուցած էր Միացեալ Նահանգներու եւ Արցախի միջեւ հաղորդակցութեանց գիծերը բաց պահել եւ ճամբորդական արհեստական արգելքները վերցնել պահանջող թիւ 697 բանաձեւը։
Հայ Դատի ջատագոված շարք մը հարցերու նեցուկ կանգնած Քալիֆորնիայէն քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն եւս կը գտնուի Հայ Դատի յանձնարարականներու ցանկին վրայ։ Ան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր յատկապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ կրկնակի հարկումը կասեցնելու նպատակով նոր համաձայնագիր մը կնքելու ջանքերուն մէջ։
Նիւ Ճըրզիէն քոնկրեսական Քրիս Սմիթ կրցած է Հայ Դատի զօրակցութիւնը ապահովել շարք մը հայամէտ քայլերու համար, ներառեալ՝ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ առաջադրող թիւ 537 բանաձեւին հեղինակումը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նեցուկ կը կանգնի նաեւ 4 հայ թեկնածուներու, ներառեալ՝ Քալիֆորնիայէն քոնկրեսականներ Ճեքի Սփիրի եւ Աննա Էշուիի, ինչպէս նաեւ Նեւատայէն՝ Տենի Թարխանեանին եւ Նիւ Եորքէն՝ Էնթընի Պրինտիսի։
Ծերակոյտի ընտրութեանց մասնակցող Քալիֆորնիայէն հայամէտ քաղաքական գործիչ Քեւըն Տէ Լէօն, որ կը մրցի երկար տարիներով այդ աթոռը գրաւած Տայան Ֆայնսթայնի աթոռին համար, նմանապէս ապահոված է Հայ Դատի զօրակցութիւնը։ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին յանձնարարականները կատարուած են նկատի ունենալով թեկնածուներուն հայանպաստ կեցուածքները եւ անոնց անցեալի գործունէութիւնը:
Հայ Դատի՝ Քոնկրեսականներու ամբողջական արժէւորումներուն ծանօթանալու համար, այցելել https://anca.org/report-card կայքէջը, իսկ Քոնկրեսի ընտրութեանց Հայ Դատի յանձնարարականներուն համար՝ https://anca.org/anca-congressional-endorsements-2018 կայքէջը։