ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տրապիզոնի Օրթահիսար շրջանի Պոզթեփէ գաւառին մէջ կը գտնուի Քայմաքլը կամ Ս. Ամենափրկիչ պատմական հայկական վանական համալիրը, որ ներկայիս անմխիթար վիճակի մէջ է։ Այս վանքը Տրապիզոնի (հին անունով Պոնտոս) ամբողջ տարածքին մինչեւ մեր օրերը հասած միակ հայկական վանքն է։
Կ՛ենթադրուի, որ համալիրը կառուցուած է 15րդ դարուն։ Կարգ մը աղբիւրներ կը վկայեն անոր 1421ին կամ 1424ին կառուցուած ըլլալուն մասին։ Վանքի Քայմաքլը անունին վերաբերեալ կան երկու աւանդազրոյցներ։ Առաջինին համաձայն՝ վանքի բակին մէջ, «կաթնաղբիւր» անունով աղբիւր մը եղած է եւ անկէ կաթ հոսած է, իսկ ուրիշի մը համաձայն, վանքի տարածքին արտադրուած է կաթնամթերք։ Վանքը նախապէս յայտնի եղած է նաեւ Կանանչ վանք անունով։ Վանական համալիրի Սուրբ Ամենափրկիչ անունի վերաբերեալ կայ պատմութիւն մը, որուն համաձայն, վերանորոգութեան աշխատանքներու ընթացքին գմբէթէն ինկած է բանուոր մը, սակայն ո՛չ մէկ վնաս կրած է։
Մինչեւ 1915 Ս. Ամենափրկիչ վանքը եղած է եպիսկոպոսարան,իսկ անկէ ետք ձգուած է բախտի քմահաճոյքին։
Ըստ «Էրմենիհապեր» կայքին՝ ներկայիս համալիրէն կանգուն մնացած է միայն եկեղեցին, ուր պատարագներ մատուցուած են։ Այսօր անիկա կը պատկանի տեղւոյն բնակիչներէն մէկուն։ Եկեղեցւոյ պատերուն վրայ պահպանուած են աստուածաշնչէն որմնանկարներ, ինչպէս՝ Վերջին Դատաստանի տեսարանը։ Ենթադրաբար անոնք նկարուած են 1500-1600ականններուն։ Համալիրի տարածքին կան նաեւ բազմաթիւ խաչքարեր։
Սեւծովեան ճարտարագիտական համալսարանի դասախօս Իսմայիլ Քէօսէ կը վկայէ, որ այս տարածքաշրջանին մէջ եղած են 100-200 հայկական եկեղեցիներ ու վանական համալիրներ, որոնց մեծ մասին տարածքները այսօր բնակչութեան մասնաւոր սեփականութիւնը դարձած են։ Ըստ անոր՝ կարիք կայ վանքապատկան այս բոլոր տարածքները սեփականացնելու եւ եկեղեցիներ վերակառուցելու, որուն համար անհրաժեշտ են լուրջ ու լայնածաւալ աշխատանքներ։