Ուքրանիոյ Զապորոժիէ քաղաքին մէջ իրականացուող Հայկական մշակոյթի օրերու ծիրին մէջ, հայկական եկեղեցւոյ տարածքին, հանդիսաւոր կերպով բացուեցաւ հայոց այբուբենին նուիրուած յուշարձանը: Վկայակոչելով «Անալիթիքա»ն՝ «Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացնէ, որ բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղան Զապորոժիէի մարզպետ Կոնստանթին Պրիլ, Ուքրանիոյ Հայերու միութեան գործադիր տնօրէն Յովակիմ Յարութիւնեան, Զապորոժիէի շրջանի հայերու միութեան նախագահ Արտաշէս Սարգսեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեան:
Ուքրանիոյ Հայերու միութեան փոխանցած տեղեկութեան համաձայն՝ անիկա Հայաստանէն դուրս գտնուող ամենամեծ յուշարձաններէն է՝ նուիրուած հայոց այբուբենին:
«Ուքրանիոյ Հայերու միութեան նախագահ Վիլէն Շատուորեանի կողմէ կը շնորհաւորեմ հայ մշակոյթի կարեւոր եւ վառ խորհրդանիշներէն մէկուն բացման արարողութեան առիթով, որ իր տեսակով միակն է Ուքրանիոյ տարածքին: Զապորոժիէ համայնքը իր աշխատանքով բարձր նշաձող կը սահմանէ եւ այս ձեռնարկը անոր վառ ապացոյցն է», յայտնեց Յովակիմ Յարութիւնեան: