«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»
Հայաստանէն ներս քաղաքական զարգացումները ժողովրդավարութեան հաստատման ուղին պիտի բանան, եթէ այդ զարգացումները ընթանան սահմանադրական կարգի պահպանման ու պետութեան հիմքերու ամրագրման տրամաբանութեամբ, երկրի քաղաքական մշակոյթին համատեղ զարգացումով:
Իսկ ինչ կը թելադրէ այդ մշակոյթը. բնականաբար նախ եւ առաջ զիրար լսելու, երկխօսութեան ունակութիւն, ապա նաեւ օրէնքներու վերանայումով փտածութեան եւ պետական պաշտօններու շահագործման վերացում եւ քաղաքական ուժերու անկաշկանդ գործունէութեան պայմաններու ստեղծում:
Հայաստանի քաղաքական դաշտը բնականոն հունի մէջ դնելու հիմնական նախապայմանը արտակարգ ընտրութիւնները պիտի հանդիսանան, որոնց շնորհիւ ալ ժողովուրդին հարազատ կամքին արտայայտիչը պիտի դառնայ Ազգային Ժողովը՝ առանց որեւէ մէկ քաղաքական ուժի պատանդը դառնալու:
Սա արդէն նոր ու արդար հիմքերու վրայ պիտի դնէ երկրի ղեկավարման համակարգը:
Ընտրութիւններուն, սակայն, պէտք է հասնիլ սահմանադրական միջոցներով՝ բացառապէս իրաւունքի ուժով Ազգային ժողովի լուծարումը երաշխաւորելով, վերամշակելով ընտրական օրէնսգիրքը՝ վերացնելու համար նախորդ տարիներու ընտրական թերութիւնները, ապա նաեւ օրէնքն ու կարգը, քաղաքական առողջ մրցակցութեան դաշտը բանուկ պահելով: Այս բոլորին նախապայմանը, սակայն, կը շարունակէ մնալ վստահութեան մթնոլորտի ամրագրումը:
Հայաստանը վերջին շրջանին յայտնուեցաւ միջազգային հարթակներու ուշադրութեան կիզակէտին վրայ, ժողովրդավարութեան իր երթը յանդգնութեամբ, միաժամանակ առանց բռնութեան, խաղաղ միջոցներով սկսած ըլլալուն համար:
Թոյլ պէտք չէ տալ ուրեմն, որ այդ ուղիէն շեղումներ տեղի ունենան, ժողովուրդին ու քաղաքական ուժերուն նորովի յոյսերով երկիրը ոստումնային յառաջընթացի ուղղելու նկրտումները իրենց ուղղութիւնը կորսնցնեն՝ վերածուելով ոչ թէ յանուն երկրի, այլ իրարու դէմ պայքարի:
Պետական մտածողութիւնը գերադասելով, զսպուածութիւն դրսեւորելով, կը հաւատանք, որ մեր երկրի պատասխանատու այրերը պիտի կարենան վեր բարձրացնել Հայաստանը նեղ հաշիւներու տիղմէն, հասարակութիւնը բեւեռացնելու բարդութաւոր մօտեցումներէն ու առողջ մրցակցութեան մթնոլորտի մէջ երկիրը, առանց ցնցումներու, զարգացման նոր հուն տեղափոխել, երկրի քաղաքական համակարգը զարգացնել:
Հայաստանն ու հայութիւնը արժանի են վերջապէս արդար, միջազգային օրէնքներուն համապատասխան կշռոյթով զարգացող երկիր մը ունենալու ու պայքարելու անոր համար՝ իւրաքանչիւրը իր միջոցներով, իր կարելիութիւններով, բայց մանաւանդ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ: