Ազգային ժողովի ՀՀԿ, «Ծառուկեան» եւ ՀՅԴ խմբակցութիւնները երէկր երեկոյեան արտահերթ եւ հրատապ կարգով նիստի մը ընթացքին ընդունեցին «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին նախագիծը: Նախագիծը ընդունուեցաւ երկրորդ ընթերցումով եւ վերջանականապէս: Առաջին ընթերցումով այս դրոյթը ամրագրուած չէր նախագիծին մէջ: Միայն նախորդ օրուան երեկոյեան ներկայացուած էր նոր առաջարկ ու հրատապ կարգով երէկ անիկա ընդունուեցաւ: Քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ առանց ուղիղ հեռարձակման, եւ լրագրողներու մուտքը փակ էր նիստին: Դէմ քուէարկեց միայն «Ելք» խմբակցութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Civilnet.am-ը
– Նախագիծին կողմ քուէարկեցին 105էն 67 պատգամաւորներ:
– Երեք խմբակցութիւնները փոփոխութիւնը կատարեցին խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները չարտօնելու համար:
– Մինչեւ տարեվերջ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելու նպատակին մասին յայտարարած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
– Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելու համար, ըստ Սահմանադրութեան, վարչապետը պէտք է հրաժարական տայ, որմէ ետք երկու անգամ խորհրդարանը պէտք չէ կարենայ ընտրել վարչապետ եւ արձակուի օրէնքի ուժով:
– Գործնականօրէն, ժողովուրդը կրնար պատգամաւորներուն չարտօնել մտնել խորհրդարան եւ ապահովել անհրաժեշտ քանակը: Երկու նման գործողութենէ ետք՝ Ազգային ժողովը, ըստ Սահմանադրութեան, կը ցրուի:
– Այժմ օրէնքի նախագիծը կը սահմանէ, որ եթէ կայ խոչընդոտ Ազգային ժողովի նիստը շարունակելու, Ազգային ժողովի նիստը պէտք է ընդհատուի, ոչ թէ համարուի չկայացած: Այսինքն, քանի որ տակաւին ժողովուրդը պատգամաւորներուն չ՛արտօներ մտնել ներս եւ քանակ ապահովել, Ազգային ժողովի նիստը կը համարուի ընդհատուած:
– Այս դրոյթը կը վերաբերի Ազգային ժողովի բոլոր նիստերուն, սակայն ընդունուեցաւ յատուկ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները կանխելու նպատակով:
Ստորեւ՝ իրաւաբան Վահէ Գրիգորեանի դիտարկումները.
– Օրէնքը Հանրապետութեան նախագահը պէտք է ստորագրէ, որուն համար Սահմանադրութեամբ ունի 21 օր ժամանակ:
– Այս ժամկէտին ընթացքին, Հանրապետութեան նախագահը ունի Սահմանադրական դատարան դիմելու լիազօրութիւն՝ օրէնքի սահմանադրականութեան ստուգման նպատակով:
– Սահմանադրական դատարանը այս դիմումը կրնայ քննել եւ որոշումը կայացնել մինչեւ երեք ամսուան ընթացքին:
– Սահմանադրական դատարանի՝ օրէնքի Սահմանադրութեան համապատասխանութեան մասին որոշումէն ետք Հանրապետութեան նախագահը ունի ընդամէնը հինգ օր օրէնքը ստորագրելու եւ հրապարակելու համար: Նախագահը կրնայ ընտրել չստորագրելու տարբերակը. այդ պարագային օրէնքը կը ստորագրուի եւ կը հրապարակուի Ազգային ժողովի նախագահին կողմէ, հինգ օրուան ընթացքին:
– Տակաւին չորս ամիս կայ, մինչեւ որ այս օրէնքը ուժի մէջ մտնէ՝ ընդունողներուն համար լաւագոյն բեմագրութեան պարագային: