ԵՐԵՒԱՆ.- Ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր ամսուն, Հայաստանի երկու օդակայաններուն մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 278,719 մարդ՝ 2017ի նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցելով 9.3 տոկոսով: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ «Արմէնիա Միջազգային Օդակայաններ» ընկերութենէն կը տեղեկացնեն, որ Սեպտեմբեր 2018ին, 2017ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ «Զուարթնոց»ի ուղեւորահոսքը աւելցած է 7.1 տոկոսով.
Սեպտեմբեր 2017ին «Զուարթնոց» օդակայանի ծառայութիւններէն օգտուած են 245,363 ուղեւորներ, իսկ Սեպտեմբեր 2018ին՝ 262,815 ուղեւորներ:
2018ի Սեպտեմբեր ամսուն, Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանի ուղեւորահոսքը եղած է 15,904 մարդ: 2017ի նոյն ամսուան 9646 ուղեւորահոսքին հետ համեմատած՝ աճը եղած է 65 տոկոս:
Տարեսկիզբէն Հայաստանի Հանրապետութեան երկու օդակայաններուն ուղեւորահոսքը եղած է 2,151,718 մարդ, որ 11.9 տոկոսով աւելի է նախորդ տարուան նոյն ամիսներու ցուցանիշէն:
«Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններուն մէջ 2018ի Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն, նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն հետ համեմատած, 9.9 տոկոսով աճած են նաեւ թռիչք- վայրէջքները: