Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ վարչապետի եւ խորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը առիթ էր, որ քննարկում կատարուի եւ դիրքորոշումները ներկայացուին:
«Օգտակար հանդիպում էր, անկեղծ ու բաց խօսակցութիւն տեղի ունեցաւ: Անշուշտ հիմնական մօտեցումը այն էր, որ ոեւէ մէկը այսօր արտակարգ ընտրութիւններուն դէմ չէ, տարաձայնութիւնը ժամկէտներու հետ կապուած է: Այդ առումով, այսօր համաձայնութիւն գոյություն չունի: Վարչապետը կը պնդէ, որ պէտք է անոնք Դեկտեմբերին տեղի ունենան, մեր համոզումով՝ պէտք է առնենք քայլեր, զորս, ըստ էութեան, վարչապետն ալ կ՛ընդունի, մասնաւորապէս՝ ընտրութիւններու ուղղուիլ նոր Ընտրական օրէնսգիրքով, Հայաստանի՝ այս գերվարչապետական համակարգը փոխարինել աւելի վարչապետականով, ինչ որ, առնուազն, կ՛ենթադրէ ոստիկանութեան վերաենթակայութիւնը կառավարութեան: Այս փոփոխութեան հետ ալ վարչապետը համաձայն է: Կը մնայ հարցը, թէ որքա՞ն ժամանակ պէտք է յատկացուի, որպէսզի հասարակութիւնն ու քաղաքական ուժերը պատշաճ կերպով նոր իրավիճակին յարմարին ու մասնակցութիւնը ըլլայ բոլորին համար հասկանալի պայմաններու մէջ», շեշտեց պատգամաւորը:
Ըստ անոր՝ Դեկտեմբեր ամիսը որպէս ինքնանպատակ դնելը ճիշդ մօտեցում չէ: Ան նաեւ ընդգծեց, որ եթէ բանակցութիւններ կ՛ընթանան, ճիշդ չէ խօսիլ վերջնագիրներով, եւ որ բանակցութիւնները կ՛ենթադրեն փոխհամաձայնութիւններ: Ռուստամեան դարձեալ ընդգծեց, որ ընտրութիւններուն սահուն ընթացքին համար իրենք կը ներկայացնեն փաթեթ մը, որ կը նախատեսէ հիմնական երեք կէտերու իրականացում՝ ընտրութիւններուն ուղղուիլ նոր Ընտրական օրէնսգիրքով, վերանայիլ Հայաստանի գերվարչապետութեան հարցը եւ ընտրել այնպիսի ժամկէտներ, որպէսզի քաղաքական ուժերն ու հասարակութիւնը կարենան պաստրաստուիլ ընտրութիւններուն:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս պարագային կա՞ն երաշխիքներ, որ վարչապետի ընտրութիւններուն թեկնածուներ չեն առաջադրուիր եւ Ազգային ժողովը կը լուծարուի՝ Ռուստամեան ըսաւ. «Մենք ըսած ենք՝ եթէ համաձայնութեան կ՛ուղղուինք այս փաթեթով, անշուշտ, նաեւ կը համաձայնինք, որ գործընթացը ընթանայ ըստ Սահմանադրութեան պահանջին՝ չըլլան առաջադրումներ»: