ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2ին, Հիւսիսային Քորէայի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ նպատակ չունին կասեցնելու հիւլէական զէնքեր արտադրելու իրենց ծրագիրը՝ շեշտելով, որ հիւլէական զէնքերէն ձերբազատուիլը կարելի չէ պայմանաւորել Քորէական պատերազմը պաշտօնապէս աւարտող խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումով։
Քորէական թերակղզին ապահիւլէականացնելու նպատակով, Փիոնկեանի, Սէուլի եւ Ուաշինկթընի միջեւ վերջերս կայացած քննարկումներուն ընթացքին բազմիցս շօշափուած էր պաշտօնական խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու հարցը, իսկ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ պնդել, թէ պատերազմին աւարտը պէտք է կապել Հիւսիսային Քորէայի կողմէ հիւլէական զէնքերէն ձերբազատուելու պայմանին։
Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարը անցեալ շաբաթ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին առջեւ յայտարարած էր, թէ իր երկիրը մտադիր չէ հիւլէական զէնքերէն ձերբազատուիլ՝ այնքան ատեն, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ խիստ պատժամիջոցներ կիրառել իր վարչակարգին դէմ: