ԼԱ ՀԷՅ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- ՄԱԿի արդարադատութեան բարձրագոյն մարմինը հանդիսացող Արդարադատութեան միջազգային ատեանը, Հոկտեմբեր 3ին հարուած մը հասցուց Իրանի դէմ պատժամիջոցներուն օղակը աւելի սեղմելու գծով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ջանքերուն, երբ վճռեց, թէ Ուաշինկթըն պէտք է վերցնէ դէպի Իրան մարդասիրական եւ կենսական ապրանքներու արտածումներուն դէմ արգելքները։
Իրան անմիջապէս ողջունեց եւ «յաղթանակ» որակեց այս վճիռը, մինչ Ուաշինկթըն փորձեց նուաստացնել անոր արժէքը՝ պնդելով, որ անիկա կ՛առնչուի միայն փոքրաթի՛ւ ապրանքներու։
Վճիռը կ՛առնչուի դեղերու, բժշկական սարքերու, ուտեստեղէնի եւ հողագործական այլ արտադրութեանց, ինչպէս նաեւ՝ օդանաւի կտորներու, որովհետեւ անոնց բացակայութիւնը վտանգ կը սպառնայ Իրանի մէջ քաղաքային օդանաւային փոխադրութեանց։
«Այս վճիռը պատժամիջոցներու մոլի դարձած ամերիկեան կառավարութեան կրած նորագոյն պարտութիւնն է», յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմետ Ճաւատ Զարիֆ։