ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիա իր կրթական որակով 99րդ տեղը կը գրաւէ 137 երկիրներէ բաղկացած Համաշխարհային տնտեսական համախմբումին կողմէ պատրաստուած ցանկին վրայ։ «Կրթութեան որակ. 2018» տեղեկագիրին հիման վրայ պատրաստուած ցանկին առաջին դիրքը կը գրաւէ Շուէտը, իսկ երկրորդ դիրքը՝ Սինկափուրը։ Երրորդ եւ չորրորդ դիրքերը կը գրաւեն Ֆինլանտան եւ Հոլանտան, մինչ վերջին տեղը կը գրաւէ Եմէնը։ Թուրքիա կրթութեան որակով ետ կը մնայ Քաթարէն, Մալեզիայէն, Ինտոնեզիայէն, Իրանէն ու Փաքիստանէն։
Տեղեկագիրը կազմած է նաեւ երկիրներու ենթացանկ մը՝ ըստ նախակրթութեան որակի։ Այս ենթացանկին վրայ ալ Թուրքիա կը գրաւէ 105րդ տեղը՝ 7ի վրայ 3.1 կէտով։ Ցանկի վերջին տեղը կը գրաւէ Մոզամպիքը։