ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ Փենթակոնը, Սուրիոյ մէջ Եփրատ գետի արեւելեան ափին ապաստանած ահաբեկիչներուն վրայ Իրանի յարձակումը նկատեց «անպատասխանատու քայլ մը», հակառակ անոր որ ամերիկեան ուժերը անցեալին ռմբակոծած են Սուրիոյ պետական դիրքերը:
Նախարարութեան բանբեր Շոն Ռապըրթսըն յայտնեց, որ Իրան արեւելեան Սուրիոյ մէջ զանազան թիրախներու վրայ յարձակում գործած է՝ առանց Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքին հետ համակարգում կատարելու, աւելցնելով սակայն, որ այդ յարձակումը միջազգային դաշինքի ուժերուն չէ վնասած:
Փենթակոնի բանբերը նաեւ ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ ուժերու սահմանազատման համար Ռուսիոյ հետ հաղորդակցութեան միջոցներ կան, սակայն Իրանի հետ այդպիսի բան գոյութիւն չունի:
Միւս կողմէ, ռուսական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ ամերիկեան հետախուզական օդանաւերը Միջերկրական ծովուն վերեւը, Սուրիոյ ծովեզերքին մօտ թռիչքներ կը կատարեն, շատ հաւանաբար՝ յայտնաբերելու համար «Էս.300» օդային պաշտպանութեան համակարգերը, զորս Ռուսիան սկսած է մատակարարելու Սուրիոյ: