ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Համայնքի երկար տարիներու գործիչներ եւ բարերարներ տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սեփեթճեանները եւ անոնց ընտանիքը որոշած են առատաձեռն նուիրատուութիւն մը եւս կատարել՝ 100,000 տոլար նուիրելով Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, գործնականապէս ցոյց տալով, որ զօրավիգ կը կանգնին Հայկական Հարցի ջատագովման համար Հայ Դատի ջանքերուն։
«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը խորապէս երախ-տապարտ է Սեփեթճեաններուն ցուցաբերած այս նեցուկին եւ առատաձեռնութեան, եւ կը խոստանայ այդ գումարը տրամադրել հայ ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելու, Հայաստանին եւ Արցախին յաւելեալ աջակցութիւն երաշխաւորելու եւ մեր համայնքը աւելի կազմակերպ դարձնելու ջանքերուն ընդարձակման։ Նման բարերար արարքներ աւելիո՛վ կը խանդավառեն մեր կամաւորներն ու անձնակազմը՝ զանոնք մղելով աւելի բարձր նպատակներու», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան։
Սեփեթճեանները երկար տարիներով նեցուկ կանգնած են համայնքային շարք մը կազմակերպութիւններու, ներառեալ՝ Հայ Մշակութային հիմնարկութեան, Արեւմտեան թեմին, ազգային վարժարաններուն եւ ՀՕՄին։ Անցեալ տարի, գիւմրեցի 11 կարիքաւոր ընտանիքներ բնակարան ստացան՝ շնորհիւ Սարգիս եւ Նունէ Սեփեթճեաններուն: Այս առանձնայատուկ ուշադրութիւնը գիւմրեցիներուն հանդէպ կրնայ եկած ըլլալ նաեւ Նունէին՝ իր ծննդավայրին հանդէպ ունեցած սէրէն:
«Ասպարէզ» եւս անմասն չմնաց Սեփեթճեաններու առատաձեռնութենէն. միայն վերջերս, ամոլը 10,000 տոլար նուիրատուութեամբ դարձաւ «Ասպարէզ»ի 110ամեակի տօնակատարութեան հովանաւոր:
Նշենք, որ Սեփեթճեանները պիտի մեծարուին այս տարեվերջին կայանալիք Հայ Մշակութային հիմնարկութեան ձեռնարկին ընթացքին։ Անցեալ Մայիսին կայանալիք այդ ձեռնարկը վերջին պահուն յետաձգուեցաւ, այդ օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութեան պատճառով։