– «Նիւ Եորք Թայմզ»ը բացայայտած է, որ նախագահ Թրամփի հայրն ու մայրը 1990ականներու վերջերը աւելի քան 1 միլիառ տոլարի ժառանգ ձգած են նախագահին եւ իրենց միւս զաւակներուն, ինչին համար ալ պէտք էր մօտաւորապէս 550 միլիոն տոլարի տուրք վճարուէր կառավարութեան, սակայն զաւակները՝ միասնաբար, միայն 52.2 միլիոն տոլար տուրք վճարած են։
– Ինտոնեզիոյ երկրաշարժին եւ անոր յաջորդած ծովաշարժի զոհերուն թիւը հասած է 1407ի. Հոկտեմբեր 3ին այս մասին յայտարարեց երկրի ներքին գործոց նախարարութիւնը՝ աւելցնելով, որ հարիւրաւոր մարդիկ տակաւին կը մնան փլատակներու տակ:
– Մակեդոնիոյ մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէի մասնակիցներուն ճնշող մեծամասնութիւնը (91.3 տոկոս) թեր քուէարկած է երկրի անուանափոխութեան, սակայն աւելի ուշ հանրաքուէն չեղեալ նկատուած է, որովհետեւ մասնակցութեան համեմատութիւնը 50 առ հարիւրէն ցած էր (36.8): Մակեդոնիա եւ Յունաստան անցեալ Յունիսին կնքեցին համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, նախկին Եուկոսլաւիոյ Մակեդոնիա հանրապետութիւնը պիտի կոչուի «Հիւսիսային Մակեդոնիա»։ Յունաստան «Մակեդոնիա» անունը կը նկատէ տարածքային ոտնձգութիւն, որովհետեւ ունի նոյնանուն նահանգ մը: Յունաստանի հետ ունեցած վէճը խոչընդոտ մըն է Մակեդոնիոյ դիմաց՝ Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕի անդամակցութեան գծով: