ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ռուսիոյ խորհրդարանի՝ ԱՊՀի եւ Եւրասիական հարցերու ու հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնաժողովի փոխնախագահ Կոնստանտին Զատուլին պատասխանած է ատրպէյճանցի պատգամաւոր Կուտրաթ Հասանկուլիեւի այն յայտարարութեան, թէ՝ Ռուսիա «բռնագրաւած է» ատրպէյճանական տարածքները՝ աջակցելով Արցախի «բռնագրաւման»։
Զատուլին «Ruposters.ru»ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ Ռուսիա Արցախի հիմնախնդիրին հետ առնչութիւն չունի՛, միաժամանակ ազդարարելով, որ Արցախի մէջ պատերազմի վերսկսումը կրնայ «իսկակա՛ն աղէտ դառնալ» Պաքուի համար:
«Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ կան որոշ անկեղծ մարդիկ, որոնք կը փափաքին իրերը իրենց անուններով կոչել: Այդպիսիները նուազ վտանգաւոր են, քան անոնք, որոնք մէկ կողմէ կը խօսին Ռուսիոյ հանդէպ հրաշալի վերաբերմունքի մասին, սակայն միւս կողմէ՝ մի՛շտ պատրաստ են թիկունքէն հարուած հասցնելու եւ մեր վրայ բարդելու իրենց մեղքերն ու խնդիրները», ըսած է Զատուլին:
Ան նաեւ նկատել տուած է, որ Ատրպէյճան կայուն երկիր մը չէ եւ այդ պատճառով ալ նոր պատերազմ մը կրնայ այդ երկիրը քանդումի առաջնորդել:
«Պաքու չի փափաքիր փոխզիջում կատարել, միաժամանակ՝ գնելով նոր զէնքեր եւ որդեգրելով ռազմական սպառնալիքի ընտրանքը: Մենք հետաքրքրուած չենք նման միջոցներով, այլ կը փորձենք առաջքը առնել Ղարաբաղի մէջ նոր պատերազմի մը: Այս իմաստով, մեր հակառակորդները կը դառնան Ատրպէյճանի ղեկավարներն ու քաղաքական շրջանակները, որոնք շատ կը խօսին պատերազմի հաւանականութեան մասին», եզրակացուցած է Զատուլին։