ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Չորեքշաբթի, 26 Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու՝ Զօհրաբ Մնացականեանի եւ Սերգէյ Լաւրովի հանդիպումը:
Նախարարները քննարկեցին հայ-ռուսական յարաբերութիւններու երկկողմ օրակարգի շարք մը հարցեր, նշեցին երկկողմ եւ բազմակողմ հարթակներու վրայ համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը:
Զօհրաբ Մնացականեան եւ Սերգէյ Լաւրով անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման՝ երկուստեք ընդգծելով հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծումը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով: