ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ի հեճուկս Ատրպէյճանի «սեւ ցանկ»ին, միջազգային քաղաքական անձնաւորութիւններ կը շարունակեն այցելել Արցախ: Այս այցելութիւնները գլխաւորապէս կը կազմակերպուին Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին կողմէ:
27 Սեպտեմբերին, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի վարիչ Գասպար Կարապետեանի ընկերակցութեամբ՝ Արցախ այցելեցին եւ հանրապետութեան գործադիր ու օրէնսդիր իշխանութեանց ղեկավարներուն հետ հանդիպեցան Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Էլենի Թէոխարուս եւ Կիպրոսի խորհրդարանի անդամներ Եորկոս Պերթիքիս, Միքայիս Կիորկալաս եւ Կիպրոսի Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար Նայիրի Մուրատեան:
Պատուիրակութիւնը Ստեփանակերտի մէջ ընդունուեցաւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի ու արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի կողմէ:
Իր համակրանքը յայտնելով Արցախի ժողովուրդի հանդէպ՝ Էլենի Թէոխարուս իր հանդիպումներուն ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու Արցախը միջազգային ընտանիքին մաս դարձնելու ուղղութեամբ աշխատանքները:
Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղիկներ խոնարհեց եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Արցախի անկախութեան համար զոհուած հայորդիներու յիշատակին: