ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութիւնը (AAMS) կը տեղեկացնէ, թէ Կլենտէյլի առողջապահական տարեկան 9րդ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Նոյեմբեր 4ին, «Փըսիֆիք Էտիսըն» համայնքային կեդրոնին մէջ (501 S. Pacific Ave., Glendale, CA 91204), առաւօտեան ժամը 6էն մինչեւ կ.ե. ժամը 2: Փառատօնին անվճար կրնան մասնակցիլ քաղաքի բոլոր բնակիչները:
Փառատօնին մասնակիցները առիթ պիտի ունենան ենթարկուելու բժշկական շարք մը անվճար քննութեանց (ֆիզիքական, ակնաբուժական, ատամնաբուժական, լսողութեան, եւ այլն). տրամադրելի պիտի ըլլան առողջապահական եւ դաստիարակչական շարք մը տեղեկութիւններ:
Փառատօնի ընթացքին տեղի պիտի ունենան հիւրասիրութիւն եւ զուարճանքի ու ժամանցի առիթներ՝ ընտանիքի բոլոր անդամներուն համար:
Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան կազմակերպած համայնքային սոյն ձեռնարկի հովանաւորներու շարքին են «Ռիմոթ Էրիա Մետիքըլ» հաստատութիւնը, Կլենտէյլի քաղաքապետարանը, քաղաքի Համայնքային սպասարկութեանց եւ զբօսայգիներու բաժանմունքը, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի գրասենեակը, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Լորա Ֆրիտմընի գրասենեակը, Լոս Անճելըս գաւառի Հանրային առողջապահութեան բաժանմունքը, Կլենտէյլի հիւսիս-արեւմտեան շրջաններու «Լայընզ» ակումբը, Ամերիկահայ հիւանդապահներու միութիւնը, ARTN-ը, «Ռիկըլ» առողջապահական խմբակը, Լէյք-սայտի համայնքային առողջապահական կեդրոնը, Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» առողջապահական կեդրոնը, Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցի «Տիկնիթի Հելթ»ը եւ «Վըրտուկօ Հիլզ» հիւանդանոցը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 980-7777 թիւին, info@aamsc.com հասցէին, կամ՝ այցելել www.aamsc.com կայքը: