ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, 16 Սեպտեմբեր 2018ի երեկոյեան, «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնադրամի տարեկան 19րդ հանգանակային ձեռնարկը: Ինչպէս միշտ, այս տարի եւս ձեռնարկը “Match for Life” ընդհանուր թեմայով կ՛առաջնորդուէր:
Մարդասիրական կարեւոր այս հիմնադրամը հիմնուած է 1999ին եւ լայն աշխատանք կը տանի ոսկրածուծի կամ բջիջի փոխպատուաստման կարօտ հայ եւ ոչ-հայ հիւանդներուն համապատասխան ծառայութիւնները մատուցելու:
Հիմնադրամի պատասխանատու մարմինը գեղեցիկ գաղափարը յղացած է ամէն տարի՝ տարեկան իր գլխաւոր հանգանակային ձեռնարկին պարգեւատրելու այն բոլոր անհատները, որոնք իրենց մասնագիտութեամբ կամ կամաւոր աշխատանքով օգտակար կը հանդիսանան հիմնադրամին: Ասոնցմէ անկախ, նոյն ձեռնարկին, «Տարուան Կազմակերպութիւն»ը (Organization of the Year) անուան տակ, գնահատանքի կ՛արժանանայ նաեւ համայնքէն ներս եւ հիմնադրամին օգտակար հանդիսացող կազմակերպութիւն մը: Այս տարի հերթը շրջանի Հայ Օգնութեան Միութեան էր, որ իր առաքելութենէն մղուած՝ կը փորձէ օգտակար հանդիսանալ իրեն դիմող այն անհատներուն եւ ընտանիքներուն, որոնք կեանքի բարելաւման կարիքը ունին:
Այս ուրախ առիթով, ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մարալ Մաթոսեան, Շրջանային վարչութեան կազմը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Սիլվա Փօլատեանի եւ շրջանի ՀՕՄի մասնաճիւղերէն ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկին տպաւորիչ եւ իմաստալից պատգամներով ելոյթ ունեցան տոքթ. Վիգէն Սեփիլեան, հիմնադրամի վարչութեան անդամ Սոնա Աշճեան, հիմնադրամի հիմնադիրներէն եւ նախագահ դոկտ. Ֆրիտա Ճորտըն:
Արփինէ Զօհրապեան եւ տոքթ. Վիգէն Սեփիլեան ներկայացուցին կարեւոր այս կազմակերպութեան «Եղիր հրեշտակ մը՝ փրկէ կեանք մը» ծրագիրը, որ մեծ թիւով հովանաւորներ ունեցաւ:
Տպաւորիչ էր գնահատագիրներու յանձնումի պահը, որուն ընթացքին առաջին հերթին ցուցադրուեցաւ ՀՕՄի առաքելութիւնը իմաստաւորող եւ անոր հետապնդած նպատակներն ու գործունէութիւնը արտացոլող տեսաժապաւէն մը: Ապա, դոկտ. Ֆրիտա Ճորտըն ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սիլվա Փոլատեանին յանձնեց ՀՕՄը իբրեւ «Տարուան Կազմակերպութիւն»ը մատնանշող գնահատանքի յուշատախտակը՝ առ ի երախտագիտութիւն հիմնադրամին հանդէպ ունեցած ՀՕՄի հաւատքին ու շարունակական զօրակցութեան: Այնուհետեւ, յանձ-նուեցան նաեւ այլ յուշանուէրներ:
Պաշտօնական յայտագիրէն ետք, ձեռնարկը շարունակուեցաւ երգ ու նուագով, ընկերային հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծելով:
ՀՕՄին առ ի երախտագիտութիւն՝ գնահատագիրներ յանձնեցին նաեւ քոնկրեսական Ատըմ Շիֆ, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներ Լորա Ֆրիտմըն եւ Անթընի Փորթանթինօ:
«Շնորհակալ ենք Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնադրամի պատասխանատու մարմինին, որ արժեւորելով ՀՕՄի գործունէութիւնը շրջանէն ներս՝ գնահատեց զայն, առաւել ոգեւորելով մեզ եւ մեր շրջապատը», այս առիթով յայտնեց Սիլվա Փոլատեան: