ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմռադիօ».- Օտարերկրացիներուն սեփականութեան իրաւունքով հող ձեռք բերելու հնարաւորութիւն տալու Արցախի կառավարութեան առաջարկը Չորեքշաբթի, 26 Սեպտեմբերին թէժ քննարկումներու պատճառ դարձաւ Արցախի խորհրդարանի մէջ:
Արցախի մէջ գիւղատնտեսութեան նոր հայեցակարգով այգեգործութիւնը հռչակուած է գերակայ ճիւղ: Այդ ուղղութեամբ օտարերկրեայ ներդրումներ ապահովելու նպատակով է, որ գիւղատնտեսութեան նախարարը կը բացատրէ օտարերկրացիներուն Արցախի մէջ սեփականութեան իրաւունքով հող ձեռք բերելու իրաւունքի օրէնքով ամրագրումը:
Արցախի խորհրդարանականներուն ազգային անվտանգութեան եւ քաղաքական նկատառումներով վերապահ են այս օրինագծին հանդէպ:
Գիւղատնտեսութեան նախարար Ժիրայր Միրզոյեան համաձայն է, որ ազգային անվտանգութեան հարց կայ: Հակառակ անոր հաւաստիացումներուն, որ կառավարութիւնը այդ հանգամանքը նկատի առած է, պատգամաւորները լրացուցիչ քննարկումներու անհրաժեշտութիւն կը տեսնեն: