ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռադիօ».- Երեքշաբթի, 26 Սեպտեմբերի երեկոյեան ազատ արձակուեցաւ Հայաստանի պետական սահմանը ապօրինի կերպով հատած Թուրքիոյ քաղաքացի Ումութ Ալի Օզմենը: Ան Հայաստանի պատկան իշխանութիւններէն նոյն օրը ստացաւ ելքի օրինական թոյլտուութեան հնարաւորութիւն, որմէ ետք պիտի մեկնէր Թուրքիա՝ Վրաստանի վրայով:
Օզմեն որոշած է վերադառնալ Հայաստան եւ ընդունուիլ Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան կողմէ:
Հայաստանի պետական սահմանը ապօրինի կերպով հատելու փաստով Թուրքիոյ քաղաքացի Օզմենի նկատմամբ յարուցուած քրէական գործը պատկան մարմիններուն կողմէ փակուած է՝ մարդասիրական նկատառումներով: