ՊՈՅԶԻ, «Այտըհօ Փրէս».- Այտըհօ նահանգի մայրաքաղաք Պոյզի մէջ, Սեպտեմբեր 21ին տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած նոր յուշակոթողի օրհնութեան արարողութիւնը, ձեռամբ՝ քաղաքի Յոյն ուղղափառ եկեղեցիէն հայր Նեքթարիոս Սեֆերեսի։
Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յուշակոթողը բաղկացած է քանի մը մասէ եւ ունի գրաւոր եւ ձայնային բացատրականներ։
«Այսուհետեւ, Այտըոյի քաղաքացիները եւ այցելուները առիթը պիտի ունենան ծանօթանալու 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան մասին։ Մարդկային նման ողբերգութիւն մը միշտ պէտք է յիշել, պարզապէս՝ անոր կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար», ըսաւ Այտըհոյի հայ համայնքի ղեկավարներէն Մարք Ապաճեան:
Յուշարձանի օծման եւ բացման արարողութեան ներկայ եղան հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ անոնց համակիրները:
Նշենք, որ Այտըհօ նահանգը 2004ին դարձած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Միացեալ Նահանգներու 33րդ նահագնը։ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած նահանգներուն թիւը 48ի կը հասնի ներկայիս։