ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հետ այցելած է Նիւ Եորքի հանրայայտ «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ բացուած «Արմինիա» խորագիրով ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են հայկական արուեստի ու մշակոյթի լաւագոյն նմոյշներ՝ սկսեալ 4դ դարէն մինչեւ 17րդ դար:
Ցուցադրութիւնը նուիրուած է հայ ժողովուրդի գեղարուեստական եւ մշակութային ձեռքբերումներուն՝ համաշխարհային ծիրէն ներս: Արդարեւ, քանի մը տարիէ ի վեր նախապատրաստուող այս եզակի ցուցահանդէսին ներկայացուած են աւելի քան 140 ցուցանմոյշներ, որոնք տրամադրուած են Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու թանգարաններէն, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանէն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ գործող տարբեր թանգարաններէ եւ մասնաւոր հաւաքածոներէ:
Խօսք առնելով՝ վարչապետը նշած է, որ 2018 թուականը խորհրդանշական տարի է, որուն ընթացքին զգալիօրէն ամրապնդուած են հայ-ամերիկեան մշակութային կապերը: «Այս տարի հայկական մշակոյթը կը ներկայացուի Միացեալ Նահանգներու մէջ աննախադէպ ձեւով՝ մօտեցնելով Հայաստանի մշակութային եւ քաղաքակրթական ժառանգութիւնը մեր ամերիկացի բարեկամներուն: Այս տարի կը նշուի նաեւ ամերիկեան հողին վրայ հայկական ներկայութեան 400ամեակը: 1618 թուականին, առաջին հայը՝ Մարթին անունով, հասած է Վըրճինիայի ափերը եւ բնակութիւն հաստատած Ճէյմզթաունի մէջ: Այդ օրէն ի վեր, մեր հայրենակիցներուն ներկայութիւնը այս հողին վրայ չէ ընդհատուած, ինչպէս եւ անոնց ներդրումը՝ իրենց նոր հայրենիքի մշակոյթին մէջ: Այս տարի եւս, աւելի վաղ, հայկական մշակոյթը, սովորոյթներն ու աւանդոյթները ցուցադրուած են Ուաշինկթընի՝ Նիացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքի սրտին մէջ, ազգային «Մոլ»ին մէջ, «Սմիթսոնեան» ժողովրդական կեանքի փառատօնի ծիրէն ներս: Անիկա մեզի աննախադէպ հնարաւորութիւն տուաւ՝ հայկական մշակոյթը իր իւրայատուկ բազմազանութեամբ ներկայացնելու ամերիկեան հասարակութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր անկիւններէ ժամանած հազարաւոր զբօսաշրջիկներու: Քանի մը շաբաթ առաջ, մեր երկու ժողովուրդները միասին նշեցին «Փուլիցըր»ի մրցանակակիր, թատերագիր եւ գրող Ուիլեըմ Սարոյեանի ծննդեան 110ամեակը: Սարոյեանի ժառանգութիւնը նշելու նպատակով, ինչ որ մեծ արժէք է մեր երկու ժողովուրդներուն համար, հեղինակի հայրենի՝ Քալիֆորնիա նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ բացուած է Սարոյեանի թանգարանը: Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի համար այս աննախադէպ մշակութային տարուան գագաթնակէտը, այժմ ես մեծ պատիւ ու անձնական ուրախութիւն ունիմ ականատես ըլլալու այս իւրայատուկ ցուցահանդէսի բացման, շատ առումներով՝ այս եզակի՛ ցուցահանդէսին», ըսած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ հայկական ընդելուզուած մշակոյթը, նաեւ՝ իբրեւ արեւմտեան մշակոյթի եւ քրիստոնեայ քաղաքակրթութեան ներկայացուցիչ:
Վարչապետ Փաշինեան նաեւ յայտնած է, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած 14 դարերու հայկական ժառանգութիւնը՝ իր գլուխ գործոցներով, ամբողջ աշխարհէն հաւաքուած է «Մեթրոփոլիթըն»ի մէջ՝ աշխարհի ամենակարեւոր թանգարաններէն մէկուն մէջ, ապա համոզում յայտնած է, որ անիկա, անկասկա՛ծ, Միացեալ Նահանգներու մէջ պիտի փոխէ Հայաստանի եւ հայկական արուեստին նկատմամբ ընկալումն ու գնահատականը: «Այս նշանաւոր նախաձեռնութեան շնորհիւ, «Մեթրոփոլիթըն»ի տասնեակ հազարաւոր այցելուներ պիտի ծանօթանան մեր ազգի պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան, որ առաջինը ընդունած է քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն: Այսօր կը ներկայացուին աւելի քան 140 նմոյշներ՝ պատկերազարդ ձեռագիրներ, եկեղեցիներու մանրանկարներ, խաչքարեր, տպագիր գիրքեր եւ այլ եզակի ցուցանմոյշներ, ներառեալ՝ Թորոս Ռոսլինի, Սարգիս Պիցակի, Թորոս Տարօնացիի, Յակոբ Ջուղայեցիի, Գրիգոր Տաթեւացիի ստեղծագործութիւնները», ըսած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ շատերու համար «Մեթրոփոլիթըն»ի մէջ «Հայաստան» ցուցահանդէսը երազանքի իրականացում է:
Վարչապետը ապա նշած է, որ սոյն ցուցահանդէսը հնարաւոր դարձած է դոկտ. Հելէն Էվընզի եւ անոր գործընկերներու ջանքերուն շնորհիւ: Նիկոլ Փաշինեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է թանգարանի նախագահ Տանիըլ Վայսին, թանգարանի տնօրէն Մեքս Հալիին եւ ձեռնարկը համակարգողներուն:
Պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին, Գարեգին Բ. կաթողիկոսը առանձնազրոյց ունեցած է թանգարանի ղեկավարութեան ու «Հայաստան» ցուցահանդէսի գլխաւոր համադրող դոկտ. Հելէն Էվընզի հետ: Ապա, ի նշան հայ ժողովուրդի երախտագիտութեան, վեհափառը դոկտ. Հելէն Էվընզին շնորհեց Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշանը:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը հնարաւոր դարձած է «Յակոբ Գէորգեան» հիմնադրամին աջակցութեամբ: Յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրած են նաեւ Նիւ Եորքի «Քարնըկի» հիմնարկը, «Միշել Տէյվիտ-Վէյլ» հիմնարկը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, Գէորգի ընտանիքի հիմնադրամը, Հրայր եւ Աննա Յովնանեանները, «Գարակէօզեան» հիմնարկը, Նազար եւ Արտեմիս Նազարեաններու ընտանիքը, Արուեստներու «Ռետոք» հիմնարկը, Քուլհանջեան ընտանիքը, «Փարոս» հիմնարկը, Ասօ Օ. Դաւիթեանը եւ Արուեստներու Ազգային հիմնարկը:
Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումէն ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու վեհափառը Ասօ Օ. Դաւիթեանի հրաւէրով հիւրընկալուեցան պաշտօնական ընթրիքի, որուն մասնակցեցան նաեւ Նիւ Եորքի այլ համայնքներու կրօնական առաջնորդներ:
Suggestion to the editor:
It would be prudent to include the date when articles are published.
Thank you for your consideration.