ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ինթըրֆաքս».- «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարող եւ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած միջազգային դաշինքը կրցած է նշեալ կազմակերպութեան զինեալները հեռացնել Սուրիոյ Տէր Զօր նահանգէն. այս մասին կը հաղորդէ սուրիական «Սանա» պետական լրատու գործակալութիւնը: Դամասկոս միաժամանակ քննադատած է միջազգային դաշինքը, որ «Իսլամական պետութեան» շարք մը պարագլուխներուն առիթ ընծայած էր փախուստ տալու շրջանէն։
Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ արեւելքը գտնուող Տէր Զօր նահանգի համանուն քաղաքը «Իսլամական պետութեան» զինեալներէն ազատագրուած էր անցեալ տարուան Նոյեմբերին: