Ինչպիսի՛ Ժառանգութիւն Մը Հասած Է Մեզի
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
ԱՐՏԱԳԻՆ ՀԻՆ-ՆՈՐ ՎՏԱՆԳՆԵՐ
Հայաստանի հանրապետութկեան 100ամեակի նշումը եթէ առիթ է վերադառնալու անոր ստեղծած ու անկէ ժառանգ մնացած արժէքներուն, անժամանցելի աւանդներուն, նոյն ատեն հրաւէր է քաղաքական շրջահայեացութեան եւ իրազեկ ըլլալու այդ օրերէն ի վեր մեր հայրենիքը պաշարող վտանգներուն ու մարտահրաւէրներուն, որոնք կապ ունին Հայաստանի ու մեր ժողովուրդի ճակատագիրին, լինելութեան հետ։
Հանրապետութեան արարման նախօրեակին, անոր կեանքի օրերուն թէ անկումէն ետք, շատ աւելի բացայայտ կերպով կը խօսուէր այդ վտանգներուն մասին, իսկ այսօր, կարծէք թէ անոնք որոշ դիմափոխութեամբ կը ներկայանան մեզի, քօղարկուած պահելով պատմական խորքն ու տարածքը։
Այդ վտանգներէն առաջինն ու գլխաւորը՝ փան-թուրանականութիւնն է, որ այսօր քաղաքական բեմին վրայ կ՛երեւի միայն իր թուրք-ատրպէյճան բարեկամութեան տարազով (թէեւ այդ ալ բաւարար ուժեղ ցնցումներու կ՛ենթարկէ մեր հայրենիքն ու անոր քաղաքական կեանքը, ապահովութիւնը)։ Այսօր, այս վտանգին մասին քիչ կը խօսուի իր բուն՝ պատմական անունով, որ կը կրէ համաթրքութեան ծրագիրներու խորագիրը։ Ատենին, մեր պետական ու քաղաքական գործիչները, մտաւորականները չէին վարաներ իր անունով կոչելու այս «ախտը». Հայաստանի անկախութեան հռչակման ու հանրապետութեան կեանքին մասնակիցներէն շատեր իրենց յուշագրութեանց ու վերլուծական յօդուածներուն, հատորներուն մէջ լուսարձակի տակ առած են այդ վտանգը. յիշենք գոնէ երկու անուն՝ Ռուբէն Տէր Մինասեան եւ իր «Հայաստան Միջ-Ցամաքային Ուղիներու Վրայ» հատորը, ու Զարեւանդ եւ «Միացեալ, Անկախ Թուրանիա»ն։ Այս հեղինակները, ինչպէս բազմաթիւ ուրիշներ, իրենց օրերուն խորազնին քն-նարկումներ կատարած են՝ Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին կազմաւորուած այս գաղափարաբանութեան արմատները պեղելու եւ նպատակները բացայայտելու առումով, դիմած են թրքական աղբիւրներու եւ յուշագրողներու փաստերուն, ցոյց տուած են, որ թուրք պետական մտածողութեան մէջ զարգացած է այն հեռանկարը, թէ թրքացեղ ժողովուրդները պէտք է միասնութիւն ստեղծեն, իրականացնեն տարածուն կայսրութիւն մը, որ պիտի ըլլայ փոխարինողը՝ 19րդ դարու վերջերուն արդէն բացայայտօրէն քայքայումի գացող Օսմանեան կայսրութեան։
Չենք ուզեր այս նեղ սիւնակներուն մէջ կանգ առնել օսմանականութեան ու թուրքիզմի շուրջ ծաւալած «մրցակցութիւններուն» եւ զուգորդութիւններուն վրայ, այլ կը բաւականանանք շեշտելով, որ Եւրոպայէն դուրս նետուած թրքական կայսրութիւնը աւելի քան մէկ դարէ ի վեր կը հետապնդէ նոր կայսրութեան մը նախագիծը եւ մտահան չէ ըրած զայն իրականութիւն դարձնելու երազը, հակառակ անոր, որ աշխարհի ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները յաճախ ստիպած են զայն անթեղուած ու լուսարձակներէ հեռու պահելու, շպարելու։
Իթթիհատականներու օրով շեշտակիօրէն դրսեւորուած այդ ծրագիրին ամէնէն աղիտալի մէկ հետեւանքը կրեցինք մենք՝ հայերս, այդ օրերու կայսրութեան ամէնէն տկար մէկ օղակն ըլլալով։ Այդ ծրագիրին հետեւանքն է Ցեղասպանութիւնը, Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւումն ու հայերէ մաքրագործումը, ապա նաեւ՝ Սէյմին միացած, անկախութեան հասած ու անկախ պետականութիւնը վերստին կորսնցուցած Հայաստանին ուղղուած թրքական իրերայաջորդ հարուածները։ Սարդարապատի նախօրեակին թէ հանրապետութեան կարճատեւ կեանքի օրերուն, թրքական «Դամոկլեան Սուր»ը միշտ կախուած մնաց մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին գլխուն վերեւ. համաթրքութեան ծրագիրը անուղղակի գործակից մը գտաւ նոր համայնավարացած Ռուսիոյ մէջ, նախկին ցարական կայսրութենէն միանգամընդմիշտ խլելով Կարսն ու Արտահանը. տակաւին, Արցախի ու Նախիջեւանի տարածքներուն Ատրպէյճանի կցումը կարելի է դիտել նոյն այդ քաղաքականութեան լոյսին տակ, Անգարայի եւ Մոսկուայի համախոհութեամբ ու Ստալինի «կնքահայրութեամբ»։
Խորհրդային Միութեան ամրակայումով ու Հայաստանը նորաստեղծ կայսրութեան մէկ բեկորը դառնալով, փանթուրանականութեան վտանգը պահ մը սառնարան դրուեցաւ։ Կարելի չէ ուրանալ, որ Մոսկուայի ռազմաքաղաքական հաշիւներուն բերումով՝ Խորհրդային Հայաստանը այս դիտանկիւնէն ապահովութիւն ունեցաւ շուրջ 70 տարի, եւ թրքական «գորշ գայլը» հարկադրուեցաւ ինքնազսպումի դիմելու, սակայն համաթրքութեան յղացքն ու անոր թելադրանքները ընդհանրապէս պահուեցան դարակներու մէջ, միշտ պատրաստ՝ դուրս բերուելու եւ կիրարկման դրուելու։ Յամենայնդէպս, այդ ծրագիրին գործնականացումը բոլորովին չկասեցուեցաւ ու չէ կասեցուած, որովհետեւ Թուրքիա մինչեւ այսօր ալ իր գրաւած հողերուն վրայ հայութեան հետքերուն ջնջումը կը շարունակէ, նոյնը կ՛ընէ Ատրպէյճան, Նախիջեւանի եւ հայութենէն խլուած այլ տարածքներու վրայ, աչքը սեւեռած կը պահէ… Արացխին։
Միւս կողմէ, պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ Խորհրդային Հայաստանի հանդէպ կարմիր Մոսկուայի հոգածութիւնը չէր բխեր Հայաստանի հանդէպ բացարձակ սէրէ մը, այլ նման ընթացք կը համապատասխանէր Ռուսիոյ շահերէն բխող՝ դարաւոր քաղաքականութեան։ Ի վերջոյ, համայնավար կայսրութիւնը կոչուած էր ժառանգորդը ըլլալու ցարականին, անկէ ժառանգած էր բոլոր այն հաշիւներն ու կայսերական հեռանկարները, որոնք կը թելադրէին հետամուտ ըլլալ սեփական շահերու եւ այլոց շահերը համակարգելու այդ հաշիւներուն հետ։ Հանրապետական Ռուսիան ալ ժառանգորդն է նախորդ վարձաձեւերուն…։ Այդ շահերուն մէկ արտայայտութիւնն էին, Լօզանի դաշնագիրը կանխող ու անոր յաջորդող տարիներուն՝ այսօրուան Հայաստանին սահմանին արեւմտեան գօտիին մէջ «Հայկական Օճախ»ի մը ստեղծման նպատակով տարուած աշխատանքներուն նկատմամբ Մոսկուայի տաք ու պաղ վերաբերմունքները, բայց մանաւանդ Բ. Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, հաշիւներու դասաւորման պահուն՝ Կարսի ու Արտահանի հայկական պահանջին զօրակցութիւնը՝ կարճ ժամանակի համար. այս խաղաթուղթը շուտով մոռցուեցաւ, երբ կարմիր կայսրութիւնը կէտեր շահեցաւ աւելի արեւմուտք ինկող գօտիներու մէջ, Նեղուցներու հարցով…։ Այսօրուան աշխարհին մէջ, ռազմաքաղաքական հաշիւներու հետապնդումը հասած է անջրպետ, սակայն հին խաղին կարգ մը օրէնքները կը մնան ազդու։ Ամէնէն աղաղակող օրինակին ականատես ենք Միջին Արեւելքի մէջ, Ռուսիոյ ու Թուրքիոյ միջեւ մերթ թշնամանքի, սակայն յաճախ գործակիցի դրսեւորումներուն։
Թուրքիա-Ատրպէյճան հին-նոր զինակցութիւնը գաղտնիք չէ, իսկ Հայաստանի վերանկախացումի նախօրեակէն ի վեր բազմաթիւ բանաւոր ու գործնական դրսեւորումներ ունեցած է։ Հայաստան ու Արցախ կը մնան շրջափակուած, այն վախճանական տեսլականով, որ մեր հայրենիքին տնտեսական հիւծումը կարեւոր խաղաթուղթ մը պիտի ըլլայ այդ ծրագիրներուն իրականացման նպատակով։ Ատրպէյճանի հետ սահմանային գօտիներուն յաճախակի ջերմացումն ու մերթ ընդ մերթ իրականացող ծաւալուն յարձակումները պէտք է դիտել այս բովանդակութկեան մէջ։ Թուրքիա այլապէս ալ բացայայտ ու քողարկուած աշխատանքներ կը տանի իր հեռակայ ծրագիրին մէջ տեղ ունեցող՝ թրքացեղ երկիրներուն հետ. աւելին, իսլամական աշխարհին մէջ չի վարանիր իր «էշը յառաջ քշելու», Հայաստանը ներկայացնելով իբրեւ անիրաւ, «ատրպէյճանապատկան հողեր բռնագրաւող» եւ մասամբ նորին։ Այս գետինի վրայ, հայկական դիւանագիտութիւնն ու դրական քարոզչութիւնը շատ ընելիք ունին։ Անդին, Միջին Արեւելքի վերջին տարիներու ծանօթ զարգացումները յաւելեալ առիթ ընծայած են Թուրքիոյ, վերականգնելու լարախաղացի իր առաքելութիւնը. Անգարա մերթ կ՛օգտագործէ ՆԱԹՕի դաշնակիցի իր հանգամանքը եւ կը խաղայ արեւմտեան աշխարհի կիսադաշտին մէջ, առաւելագոյնս շահագործելով դաշնակիցներուն բարեմտութիւնն ու հանդուրժողութիւնը, իսկ պատեհ առիթով, ինչպէս նշեցինք, յանկարծ կը կախուի Ռուսիոյ չուանէն։ Ու հայկական բեմի վրայ երբեմն զարմանքով կը դիտուին բարեկամական ու գործակցական այն յարաբերութիւնները, որոնք կը շարունակուին Մոսկուայի եւ անկէ հեռաւորութիւն խաղացող Ատրպէյճանի միջեւ, յառաջ կը քշուին դէպի Արեւմուտք յարելու մտածումներ, մոռնալով, որ ատենին, հայ դաշնակիցին զլացուեցան աջակցութիւն եւ զօրակցութիւն, պատճառաբանելով, որ իրենց նաեւերը չեն կրնար հայկական լեռնաշխարհ բարձրանալ։
Ժամանակին, Հայաստանին սպառ-նացող անմիջական այս վտանգները ստացան պատկերաւոր բացատրութիւն. թրքական սալի եւ կարմիր մուրճի միջեւ վիճակի պատկերը։ Զոյգ վտանգները այսօր ալ կան, այն իմաստով, որ Թուրքիա ի մտի ունի Հայաստանն ու Արցախը վերցնել աշխարհէն, իսկ Ռուսիոյ պարագային, Հայաստան կը պահուի դարաւոր հաշիւներու կիրարկման մէկ յենարանը, որմէ Մոսկուա տրամադիր չէ միանգամընդմիշտ հրաժարելու, որքան ալ գրգռիչ ըլլան Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի թելադրած ախորժակները. նման կեցուածքի մէջ, նմանապէս պէտք չէ միայն տեսնել Մոսկուայի հայաստանասիրութիւնը, այլ բացայայտ է, որ այդ քաղաքականութիւնը համապատասխան է առ նուազն երկու դարէ ի վեր հետապնդուած հորիզոններուն…
Հայաստանի Հանրապետութիւնը 100 տարի առաջ հերոսաբար դէմ դրաւ փանթուրանականութեան վտանգին, սակայն Երեւանի շուրջ, հիւսիսը եւ Զանգեզուրի մէջ չյաջողեցաւ կասեցնել երկրորդ վտանգը՝ Կարմիր բանակին յառաջխաղացքը։ Անկախ Հայաստանի դաշնակցական կառավարութիւնը ինքզինք գտաւ չարեաց փոքրագոյնը ընտրելու հարկադրանքին տակ եւ համայնավարներուն զիջեցաւ հանրապետութեան անկախութիւնը։ Նոյն բեմայարդարումը կը մնայ ի զօրու, թէեւ դերակատարներն ու անունները փոխուած են։ Իսկ հակառակ «զօրակայանային» դիտանկիւնէն՝ այսօր, հրթիռներու դարուն, Արարատի փէշերուն կամ աւելի հիւսիս տեղադրուած արեւմտեան հրթիռները եւ անոնց ետին կանգնող քաղաքական կամքը չի կրնար հայուն վստահութիւն թելադրել, ինչ ալ ըլլան բաղձանքներուն տարողութիւնը։ Այս բոլորին զուգահեռ, համաթուրանականութեան անմիջական վտանգը կայ ու կը մնայ Թուրքիոյ դարակներուն մէջ, անկախ անկէ, թէ անոր ղեկավարը կը կոչուի Աթաթիւրք, Մենտերէս, Էճեւիտ, Տեմիրէլ, Էվրէն, Էօզալ, Չիլէր, Կիւլ կամ Էտրողան։ Իսկ Ալիեւները միշտ պատրաստ են ընդառաջելու Անգարայի ուղեգիծին։
Այս վտանգին ու անկէ բխող մարտահրաւէրներուն՝ վստահաբար իրազեկ են հայրենի պետական պատասխանատուներն ու կուսակցութիւնները, քաղաքական, դիւանագիտական թէ ապահովութեան նկատումներով։
Փանթուրանիզմը Հայաստանին ու հայութեան գլխուն կախուած սպառնալիք էր հանրապետութեան ծնունդէն առաջ, նոյն սպառնալիքը կը մնայ այսօր, մոգական գաւազանի մը շարժումով պիտի չշոգիանայ վաղը, ինչպիսի «բարեկամական յարաբերութիւններ» ալ որ թելադրուին մեզի, այս կամ այն շաքարապատ թոյնին անուան տակ։ 100ամեայ հանրապետութենէն մեզի հասած աւանդներէն մէկն ալ այն է, որ պէտք է մեր կարելի բոլոր միջոցները լծենք այս ու նման վտանգներու դիմակալման ու յաղթահարման նպատակին, հրաժարելով բոլոր այն քայլերէն, որոնք կրնան երէկի դրական իրագործումները՝ Սարդարապատի, Զանգեզուրի ու Արցախի մէջ շահուած իրական յաղթանակները նսեմացնել, կորստեան մատնել՝ այլապէս բարեշրջական քայլերու հետամուտ ըլլալու ընթացքին ներազգային խրամատներ ստեղծելով, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ։ Թուրքիոյ ու անոր գործակիցներուն համար շատ ալ կարեւոր չէ, թէ ո՞վ է Հայաստանի իշխանութեան ղեկը վարողը, կամ արդեօք «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ն ու նման շարժումներ կրնա՞ն կասեցնել վաղեմի դաւերը։
Համաթրքութեան դէմ Սարդարապատը եղաւ մեր արդիւնաւոր միասնութեան ամէնէն պերճախօս ու գործնական օրինակը։ Մեր յառաջիկայ սարդարապատները կը կարօտին նոյն միասնութեան, հեռու՝ ներ-ազգային ու միջ-կուսակցական վիհերէ։
ԼՈՒՍԱՆՑՔԱՅՆԱՑՈՒԱԾ ԱՒԱՆԴՆԵՐ, ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի վերանկախացումէն առաջ ալ, Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան ու անոր ներկայացուցիչներուն կողմէ իրագործուած են այնպիսի քայլեր, որոնք անդրանիկ հանրապետութեան օրերուն բիւրեղացած արժէքներուն մարմնաւորման ենթահողը կը կազմէին եւ սակայն, միջազգային քաղաքական մրցակցութիւններու եւ խաղերու հետեւանքով, լուսանցքայնացուած են, մինչեւ իսկ մենք՝ այդ արժէքներուն տէրերս որոշ կասկածով կամ անվստահութեամբ մօտեցած ենք անոնց կամ կը դիտենք զանոնք, ընդհանրապէս տարուելով նոյնինքն այլոց հաշիւներէն բխող քարոզչութիւններէ եւ «խրատներու» ներշնչումէն։
Ազատ, անկախ եւ ՄԻԱՑԵԱԼ Հայաստանի տեսլականին հետապնդման ամէնէն շօշափելի հիմնաքարերէն մէկն է Սեւրի դաշնագիրը, որ ոչ միայն վկայութիւնն է մեզմէ խլուած պատմական հողերուն հայութեան պատկանելիութեան, այլ ամուր ենթահող է, պէ՛տք է ծառայէ մեր իրաւունքներուն հետապնդման քայլերուն։ Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան վերջին ամիսներուն ստորագրուած այդ դաշնագիրը ահագին մելան հոսեցուցած է՝ անոր վաւերացուած-անվաւեր ըլլալուն քաղաքական-դիւանագիտական մեկնաբանութիւններուն պատճառով, մեզի թելադրուած է չկառչիլ անոր, մինչդեռ անիկա սեւով ճերմակի վրայ կը վաւերագրէ Հայաստանի ու հայութեան անվիճելի իրաւունքները, օրին ընդունուած ու ստորագրուած՝ նա՛եւ Թուրքիոյ կողմէ, վայելած է համամտութիւնը Ա. Աշխարհամարտի հաշուեփակը կատարողներուն։ Հետեւաբար, պէտք է վերատեսութեան ենթարկել այն վարկածը, եւ անցեալ տասնամեակներուն յանկերգի վերածուած այն տեսութիւնը, ըստ որուն՝ Լօզանի դաշնագիրը եկաւ թաղելու Սեւրը եւ մեր Դատը։ Սեւրը կը թաղուի այն օրը, երբ մենք դադրինք անոր վաւերականութիւնը ճանչնալէ եւ հրաժարինք զայն հետապնդելէ։
Սեւրի 1920ի դաշնագիրը եթէ ամէնէն ամուր յենարանն է 1918ի Հայաստանէն ժառանգ մնացած քաղաքական տեսլականին, անոր հետեւող տարիներուն, մեր ու մեզի հետ գործ ունեցողներուն պատմութիւնը արձանագրած է ոչ նուազ շօշափելի իրագործումներ, որոնք, ինչպէս նշեցինք, աւելի՛ լուսանցքայնացուած են Սեւրին համեմատելով։ Ճիշդ է, որ Հայաստանի խորհրդայնացումին հետեւանքով, հայկական անկախ պետականութեան ներկայացուցիչները պաշտօնական ենթահողէ զրկուեցան, սակայն թէ՛ Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը՝ Աւետիս Ահարոնեանի գլխաւորութեամբ, եւ թէ Ազգային պատուիրակութիւնը՝ Պօղոս Նուպար փաշայի գլխաւորութեամբ, տարիներ շարունակ քաղաքական-դիւանագիտական աշխատանք տարին, մերթ առանձնաբար, յաճախ գործակցաբար եւ ճիգերու համադրումով։ Անոնց հետ բանակցողները ծանօթ էին անոնց ներկայացուցչական հանգամանքին, զանոնք խօսակից ճանչցած էին իբերւ արդար իրաւունքներ ունեցող ժողովուրդի մը ու (հոգ չէ թէ բռնի կերպով տապալած) պետութեան մը ներկայացուցիչները…։ Այսօր, իմաստ չունի մտնել երկու պատուիրակութեանց լիարժէք գործակցութիւնը խոչընդոտող հայկական ու արտաքին ազդակներու ոլորտապտոյտին մէջ, որովհետեւ նման փորձէ դրական արդիւնք չի բխիր, այլ քննարկողը կը դնէ ուշացած դատաւորի կօշիկին մէջ։ Ինչ որ ուսանելի եւ օգտագործելի է՝ այն է, որ այդ տարիներուն, գոյացած են ստուար թղթածրարներ, որոնք ապացոյց են հոսանքն ի վեր թիավարելու հայութեան ներկայացուցիչներու կամքին։
Ակնարկուած թղթածրարները կազմուած են անհատ պետութեանց, Աշխարհամարտի օրերուն մեզի դաշնակից երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ բանակցութեանց ու գործակցութեանց ճամբով. մինչեւ իսկ խորհրդային կայսրութեան ներկայացուցիչները մասնակից եղած են այդ աշխատանքներուն, անկախ անկէ, թէ ի՛նչ դերակատարութիւն ունեցած են եւ ինչպիսի՛ հաշիւներով։ Այդ աշխատանքները ընդգրկած է նաեւ ՄԱԿը կանխած՝ Ազգերու Լիկան, այդ ծիրին մէջ հայութեան ներկայացուցիչները վայելած են գործակցութիւնը տարբեր ազգութիւններէ միջազգային ճանաչում ունեցող ազդեցիկ դէմքերու։ Այդ բանակցութիւններուն ու «սակարկութիւններուն» անյաջող ելքը պատճառ չէ ըսելու, որ այդ աշխատանքը մեզ բոլորովին կը զրկէ իրաւունքի փաստէն, պարզ այն նկատառումով, որ մեր ներկայացուցիչները բանակցող կողմեր գտած են, դռները միանգամընդմիշտ չեն փակուած անոնց առջեւ։
Խօսինք քանի մը օրինակով, յուշագրական այնպիսի հատորներու հիմամբ, որոնցմէ մէկն է Վահան Փափազեանի՝ Կոմսի յուշագրութիւնը (մասնաւորաբար Գ. հատորը), եւ ոչ միայն այդ։ Մեր իրաւունքներուն փաստարկումին նպաստող տարրեր են, օրինակի համար, «Նանսէնի անձնագիր»ի գաղափարին իրականացումը, Արեւմտեան Հայաստանի կամ Կիլիկիոյ մէջ «Հայկական օճախ»ի մը ստեղծման գաղափարն ու անոր տարազաւորման փորձերը, իսկ անոնցմէ առաջ՝ Ցեղասպան իշխանութեան պատասխանատուներուն դէմ նոյնինքն Դաշնակիցներուն կողմէ յարուցուած դատական հարցերն ու անոնց ընծայած փաստարկումները։ Եւ մենք իրաւունք չունինք, 100ամեակէն անդին նոր թափ ստանալու կոչուած՝ մեր աշխատանքներուն մէջ նսեմացնելու նման պատմական քայլերու արժէքը, այլ անհրաժեշտ է զանոնք ներառել մեր թղթածրարներուն վերանորոգման գործին մէջ։ Պէտք չէ մոռնալ, մանաւանդ, որ այդ աշխատանքներուն ուղղակի շարունակութիւնը եղան Ցեղասպանութեան 50ամեակին ու յաջորդող տարիներուն՝ քաղաքական-դիւանագիտական բեմին վրայ Հայ Դատի աշխատանքներու վերաշխուժացումն ու նոր արահետնետու բացումը, ընդարձակումը, մէկ կողմէ՝ անհատ պետութեանց ուղղութեամբ ու միւս կողմէ՝ ՄԱԿի ծանօթ յանձնախումբերու ոլորտին մէջ, Ցեղասպանութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ այլ արժէքներու քննարկման ճամբով։ Այդ աշխատանքներուն հետեւած՝ ուժական պայքարի տարիներն անգամ իբրեւ ուղեցոյց ունէին անկախ հանրապետութեան ժառանգութեան տիրութեան կամքը, ալ ի՜նչ խօսք, որ անոնք նաեւ եղան Արցախի ազատագրական պայքարի ներշնչարանն ու գերագոյն զոհաբերութեանց ճամբով բերին նոր նուաճումներ՝ հայրենի հողերուն վերատիրացման իրականութիւնը…
Համայնավարութեան տարիներուն, Հայաստանի պետական իշխանութիւնները զուրկ էին նման հետապնդումներու կարելիութիւններէն, հազուադէպ բացառութիւններէն մէկն էր Կարս-Արտահանի հարցին արծարծումը։ Այլապէս, «պաշտօնական» Հայաստանը, ենթարկուելով Մոսկուայի կամքին, Թուրքիայէն հողային պահանջներու հարցը երկար ատեն մէկդի դրած էր, նմանապէս՝ Նախիջեւանի ու Արցախի վերադարձի պահանջը։ Սակայն 60ական տարիները բերին փայլատակումներ, երբ Երեւանի մէջ բարձրացան «Մեր հողերը» կանչերը, հետեւեցան Սարդարապատին եւ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձաններուն կանգնումը։ Այդ ու նմանօրինակ քայլեր հաւատարմութիւն էին անդրանիկ հանրապետութեան ժառանգութեան. այսօրուան Հայաստանն ու անոր զաւակները, ըլլան հայրենի հողին վրայ թէ արտերկրի տարածքին, աւելի լայն հնարաւորութիւն ունին արտայայտելու նոյն հաւատարմութիւնը, աւելի յառաջ անցնող քայլերու ձգտելու։ Մեր քաղաքական մտածողութեան մէջ առանց շուքի պէտք է վերականգնի ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ու ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԷՆ ԱՌՆԵԼԻՔ ՀՈՂ ՈՒՆԻՆՔ կամքը, հոգ չէ թէ քաղաքական-դիւանագիտական աշխարհը կրնայ այլ բան թելադրել։ Նման կամքի ամրագրում պէտք է իր տեղը ունենայ ՊԵՏԱԿԱՆ ոլորտին մէջ, անկախ անկէ, թէ ո՞վ է իշխանութեան գլխուն կանգնողը։
Եթէ անկախ հանրապետութեան տարիներէն մեզի հասած են պատգամներ ու իրագործումներու նախաքայլեր, պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ խորհրդային տարիներէն ալ մեզի աւանդ մնացած են ոչ նուազ արժէքով իրագործումներ։ Ճիշդ է, որ այդ տարիները ունին մութ ու դառն երանգներ՝ արձանագրուած են ապազգայնացման ազդեցութիւններ, հսկայ վէրք մը մնացած է 30ական տարիներէն՝ ստալինեան հալածանքներուն եւ բռնադատութիւններուն հետեւանքով, սակայն վերանկախացած Հայաստանը բոլորովին զուրկ չէ այդ տարիներուն ստեղծուած յենարաններէն, որոնք, խորքին մէջ, կամայ թէ ակամայ շարունակութիւնն են եղած 1918ի Հայաստանին։ Համայնավարներուն դրժումը՝ անդրանիկ ու դաշնակցական հանրապետութեան նուաճումներուն, այսօր փաստուած է իբրեւ սնանկ, որովհետեւ այդ Հայաստանը, Սարդարապատով եւ այլ ստորոգելիներով, միայն Դաշնակցութեան չէր պատկաներ, այլ պարզապէս առաջնորդուած էր օրուան գլխաւոր ուժին՝ Դաշնակցութեան կողմէ։ Հայրենաշինութիւնը, մշակութային զարգացումը (հոգ չէ թէ որոշ գունաւորումով), ֆիզիքական ապահովութեան ենթահողի ամրացումն ու այլ իրագործումներ պէտք չէ ամբողջականօրէն քօղարկուին այդ տարիներու՝ Հայաստան-Սփիւռք խզումի եւ հակադրութեան հրահրումի բազմահանգրուան դժբախտութիւններուն պատճառով. այլ խօսքով, եթէ այսօր ունինք անկախ պետութիւն, որ կը վայելէ ամուր յենարաններ, պէտք է ընդունիլ, որ 1918ի հանրապետութեան ի չգոյէ իրագործումներուն յաջորդեցին այլ դրական զարգացումներ. հետեւաբար, պէտք է հրաժարիլ այն սխալ ենթադրութենէն, որ 1991ի Հայաստանը կամ իրերայաջորդ իշխանութիւնները «անիւի գիւտը» նոր-նոր կատարած են ու կը կատարեն։
Մէկ խօսքով, պէտք չէ անտեսել կամ մսխումի տանիլ պատմական իրագործումները, որոնք տեղի ունեցած են հանրապետութեան ծնունդի տարիներուն, յաջորդ տասնամեակներուն ու կը շարունակուին այսօր, այլ քաղաքական-դիւանագիտական, տնտեսական, մշակութային եւ կարելի բոլոր այլ որլորտներուն մէջ պէտք է ունենալ նախորդին վրայ նոր քարեր բարձրացնելու մօտեցումը, մա՛նաւանդ խուսափիլ ներքին երկփեղկումներու խորացման փորձութենէն, ինչպիսի արդար տրամադրութիւններով ալ որ կատարուին անոնք։ Դարաւոր աւանդներու մսխումը ընդունելի չէ, այլ քաղաքական պարտամուրհակներու լիարժէք տիրութիւնը աւելի քան հրամայական է այսօրուան ու վաղուան Հայաստանին համար։
ՀԱՅՐԵՆԱԿԵՐՏՈՒՄ՝ ՀՈՂԱՀԱՒԱՔԻ ԵՒ ՀԱՅԱՀԱՒԱՔԻ ԿԱՄՔՈՎ
Հայաստանի հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակը, անցեալի ոլորտներուն մէջ պտըտելէ եւ արժեւորումներ կատարելէ աւելի, խթան է, որ դարաւոր փորձառութիւններուն եւ մեզի հասած աննիւթական ժառանգութիւններուն ուղեցոյցով նայինք դէպի ապագան, ի խնդիր հայրենակերտումի, հողահաւաքի եւ հայահաւաքի։
Միացեալ Հայաստանի ժառանգութիւնը, որ անդրանիկ հանրապետութենէն մնացած գլխաւոր աւանդն է, հիմնաքարը կը կազմէ հողահաւաքի ու հայահաւաքի։
Հողահաւաքը, որքան ալ անկեղծ ըլլան մեր բաղձանքներն ու քաղաքական կամքը, լիովին կախեալ չէ մեր միջոցներէն, այլ կը մնանք շրջանային ու միջազգային խաղերու եւ հաշիւներու ոլորապտոյտներու ազդեցութեանց ենթակայ։ Եթէ մեր աչքերը յառենք Հայաստանի ու Արցախի սահմանային գօտիներուն, սակայն նաեւ շատ աւելի անդին՝ մինչեւ Կովկաս, Միջին Արեւելք, նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու աշխարհն ու հասնինք տարբեր ցամաքամասեր, դժուարութիւն չենք ունենար տեսնելու, թէ հին խաղերը ինչպիսի նոր անուններով ու պատրուակներով-պատճառաբանութիւններով կը փոթորկեն աշխարհը, նոխազի վիճակի մէջ կը պահեն համեմատաբար փոքր ու տկար նկատուող ժողովուրդները։ Սա չի նշանակեր, սակայն, ամբողջական անձնատուութիւն տուեալ հոսանքներուն։
Միւս կողմէ, «ներքին» բեմահարթակին վրայ, մենք կը գտնուինք շատ աւելի ազատ ձեռքերով շարժելու կարելիութեան դիմաց, պայմանաւ, որ ներքին մրցակցութիւնները, հակամարտութիւններն ու մինչեւ իսկ քինախնդութիւն բուրող զարգացումները չմթագնեն մեր տեսողութեան դաշտերը, մեզ չզրկեն Դատողութիւն կոչուած զգայարանքէն։ Եւ սա կարեւոր ենթահող է հայահաւաքի համար։
Գաղտնիք չէ, որ խորհրդային տարիներուն եւ յետ վերանկախացման, տարբեր պատճառներով ու մղումներով, Հայաստանէն արտագաղթը ստացած է մերթ արագ, երբեմն դանդաղ թափ։ (Արտագաղթի հոսանքները փնտ-ռելու եւ բացատրելու համար, կրնանք երթալ նաեւ աւելի հին դարեր, թէեւ պէտք չէ մտահան ընենք, որ այդ տարիներուն կար նաեւ Պանդխտութիւն հասկացութիւնը, այսինքն, արտագաղթողը չէր հեռանար չվերադառնալու տրամադրութեամբ։ Վերջին տասնամեակներուն, արտագաղթողներուն շարքին եղան երկրի կարողականութիւնը շահագործողներ եւ աւարը արտահանողներ…)։ Յետ-խրուշչովեան Խորհրդային Հայաստանէն ալ, ուշ 60ական, 70ական եւ 80ական տարիներուն, մեծաթիւ արտագաղթ տեղի ունեցաւ, թէեւ այսօր այդ մասին չենք խօսիր բարձր ձայնով, մտածելով, որ անկախ Հայաստանէն արտագաղթը արդարանալի չէ, մինչդեռ բռնատիրական դրութենէ մը հեռացումը որոշ բացատրութիւն ունէր…։ Փաստը այն է, որ արտագաղթը արտագաղթ է իր վնասակար հետեւանքներով, որովհետեւ հայրենիքը կը զրկէ իր զաւակներու զանգուածներէն, ա՛յն յենարանէն, որ պիտի ըլլայ հողահաւաքի՝ Հայաստանի սահմաններու ընդարձակման ու մեր պատմական հողերուն վերատիրացման ամէնէն հզօր գրաւականը։
Նոր Հայաստանի կերտումն ու բարգաւաճումը կը կարօտին բազմաթիւ նախադրեալներու։ Թուումի կարգով արձանագրենք «Լափալիսեան Ճշմարտութիւններ». առաջին հերթին, պետական դրութեան առողջացումը եւ հողին հանդէպ կապուածութիւն զգալու ժողովուրդի ունակութեան վերականգնումը։ Սա ամէնալայն առումով պետական ծրագրումի եւ հովանաւորումի կը կարօտի։ Այս ոլորտին մէջ, կարեւոր բաժին ունին գաղափարակա՛ն պետութեան ամրակայումը, եւ ո՛չ միայն գործարարական (պիզնեսի) ծրագիրներու որսորդութիւնը։ Երկրի մը տնտեսութեան ու բարգաւաճման մէջ, գործարարութիւնը շատ կարեւոր յենարան է, սակայն եթէ կը պակսի արդարութեան վրայ ընկերային համակարգ ձեւաւորելու եւ գործարարութիւնը հաւասարակշռող օրէնքներու շրջագիծին մէջ պահելու ձգտումը, տեղ մը շատ բան փուլ կու գայ ուշ կամ կանուխ։ (Վերջին տարիներուն, պտղամշակութիւնը իր օձիքը չի կրնար ձերբազատել շահամոլներու մականէն)։ Փտածութեան ու կաշառակերութեան դէմ պայքարը անվիճելիօրէն կարեւոր են ու կրնան ենթահող ծառայել պետական կառոյցներուն նկատմամբ սասանած վստահութեան վերականգնումին, սակայն նաեւ կենսական է ունենալ բոլոր ոլորտներու մէջ բարգաւաճման համապարփակ ծրագիր (ընդունելով հանդերձ, որ ամէնէն համապարփակ նկատուածն ալ միշտ կրնայ յաւելեալ բարելաւումի հասնիլ, ինչպէս որ սահմանադրութիւններն ու հիմնական օր-էնքներ կրնան միշտ ալ բարեփոխուիլ, նոր յօդուածներով հարստանալ, ամրանալ)։ Տակաւին, երկրի սեփական հարստութեանց բարիքները պէտք է վերադարձնել երկրին ու ժողովուրդին, մինչդեռ կարողականութեանց արտահոսքը իր պատմութիւնը կերտած է, իսկ կարգ մը նորարարութիւններ, ինչպէս՝ ազատ գօտիներու ստեղծումը, բարիքի խոստումներուն դիմաց, վէճի դուռները լայն կը բանան։
Հայրենակերտումին մէջ, կենսական է վերականգնել մտաւորականութեան դիրքն ու դերակատարութիւնը, պայմանաւ, որ խօսինք Մտաւորականութեան եւ ոչ թէ պատահական մտածողներու մասին։ Այսօր, երբ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը կամ զայն կանխող տարիներու զարգացումները աչքի առջեւ ունենանք, եւ հետեւինք տարբեր ոլորտներու մէջ մտաւորական կոչում ունեցողներուն ընթացքին, կը տեսնենք, որ թացն ու չորը իրարու խառնուած են։ Այս կամ այն անձնաւորութեան համակրանք կամ հակակրանք արտայայտելը, օրինակ, դարձած է մտաւորականի կոչումի չափանիշ. մինչդեռ, իսկական մտաւորականը պարտաւոր է վեր բարձրանալ անմիջական օրը կազմող եռեւեփումներէն, կարկինը տարածել տասնամեակներու վրայ, տեսնել, թէ անցեալին ու այսօրուան ո՞ր զարգացումները գնայուն են ու պիտի մնան անվաղորդայն, որո՞նք պէտք է հոգածութեան եւ ուշադրութեան առարկայ դառնան, մնայուն արժէքներու հիմնաքար ծառայեն։ Այս մտահոգութիւնը աւելի պարզ տեսնելու համար, կը բաւէ, որ մարդս քանի մը շաբաթ ուշադրութեամբ հետեւի հայրենի գրաւոր ու լսատեսողական մամուլի հարցազրոյցներու, ընտրական արշաւներուն եւ խօսքի աճուրդներուն, ու պարզ կը դառնայ, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզենք «թացի եւ չորի խառնուրդ» ըսելով։
Երկիր ղեկավարելը ու արարելը դիւրին գործ չէ։ Երկիր մը միայն ճամբաներու նորոգութեամբ, երթեւեկի օրէնքներու վերամշակումով ու աւազակութեանց սանձումով չ՛արարուիր. կան նաեւ ներքին ու մանաւանդ արտաքին շատ աւելի լայն շրջագիծեր, որոնք կը կարօտին «Հերքիւլեան աշխատանք»ի։ Անմիջական դրացիներու կամ հեռակայ գործակիցներու հետ յարաբերութիւնները, դաշնակիցներու եւ հակառակորդներու յստակացումը, տակաւին՝ հայութեան տարբեր ուժերուն միջեւ համակարգումը կը կարօտին շատ աւելի լայն մտածողութեան եւ հայեցակէտի, քան ինչ որ տեսած ենք անկախութեան վերականգնումէն ասդին (այս հաստատումով՝ չենք արհամարհեր երէկի ու այսօրուան դրական քայլերը)։
Բնականաբար արտաքին յարաբերութեանց ոլորտին պրիսմակէն պէտք է դիտել նաեւ հայրենիքին՝ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան հարցերը, հետամուտ ըլլալ նոր դաշնակիցներու ներգրաւման, առանց անտեսելու կամ հրաժարելու նախկին ու այժմու դաշնակիցներէն։ Աշխարհածաւալ պատերազմի փուլերը յաճախ կը հարկադրեն այս կամ այն ուժին յարիլ, մինչդեռ խաղաղութեան շրջանները աւելի թոյլատու կ՛ըլլան խուսանաւելու։ Սա ճշմարտութիւն մըն է, որ միայն Հայաստանին ու հայութեան համար չէ, այլ ամբողջ աշխարհը կը հետեւի նոյն «օրէնքին»։
Նուազ արհամարհելի կէտ չէ քաղաքական հաւասարակշութեան ու առողջ մրցակցութեան ստեղծումը։ Սա կը նշանակէ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն խաղին ազնուացումը, այն տրամաբանութեամբ՝ որ բոլորին նպատակը ըլլայ երկրին ու ժողովուրդին բարգաւաճումն ու զարգացումը, մէկզմէկ անտեսելու, քաղաքական կրկէսէն դուրս հրելու փոխարէն՝ զիրար ամբողջացնելու եւ «մէկուն չկրցածը ես պիտի յաջողցնեմ»ի տրամադրութեան տարածումը։ Եւ ինչպէ՞ս չմտածել սարդարապատեան ոգիին ու անդրանիկ հանրապետութեան խորհրդարանին դրսեւորած կամքին մասին։
Այս բոլորին համար, ինչպէս նշեցինք, կենսական է վեր բարձրանալ առօրեայ տաղտկալի հարցերէն ու հսկայական թուացող… մանրուքներէն, հայրենիքն ու ժողովուրդը դիտել յառաջիկայ 10, 20, 50 կամ աւելի տարիներու շրջագիծին մէջ, տեսնել, թէ 100 կամ աւելի տարիներ առաջ ուր կը կանգնէինք, ի՞նչ հեռանկարներ ունէինք, այսօր ո՞ւր հասած ենք, հեռանկարներէն ի՞նչ կրցած ենք իրականացնել կամ ո՞ւր եւ ինչո՞ւ ընկրկում ունեցած ենք, որպէսզի կարողութիւնը զարգացնենք աւելի՛ լաւ վաղուան մը կերտումին։ Անշուշտ որ ամէն բան բացարձակապաէս մեր կամքէն կախեալ պիտի չըլլայ, ամէնէն հզօրներն անգամ չեն հասնիր իրենց յայտարարուած կամ չյայտարարուած բոլոր առաջադրանքներուն, սակայն հեռուն դիտելով՝ նախագծումը, մանաւանդ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ Հայաստանի կերտումը, հողահաւաքն ու հայահաւաքը պէտք է հիմնական տեղ ունենան մեր ապագային կերտումին մէջ։
Մեր նպատակը չէ ստեղծել այն տպաւորութիւնը, թէ նման առաջադրանքներ կը վերաբերին միայն հայրենի հայութեան, պետութեան ու զայն վարող իշխանութիւններուն, այլ այս հրամայականը իբրեւ դրական «Դամոկլեան Սուր» պէտք է կախուած ըլլայ ողջ հայութեան, նա՛եւ արտերկրի օճախներու զաւակներուն գլխուն վերեւ։ Ճիշդ է, որ սփիւռքեան կարգ մը հարցեր իւրայատուկ են, Սփիւռքը կը կանգնի հայաստանաբնակէն տարբեր եւ յաճախ շատ աւելի սուր մարտահրաւէրներու դիմաց, սակայն «ամբողջական Հայաստան ու միասնական հայութիւն» տեսլականները կը մնան զանոնք համախմբող ամէնէն ամուր հասարակ յայտարարը։
Այս կամքով ու տրամադրութեամբ պիտի թեւակոխենք հանրապետութեան երկրորդ հարիւրամեակը, մեր աչքերը սեւեռելով հարիւրամեակներէն շատ աւելի անդին։ Ի վերջոյ, արդեօք Երեւանի մէջ 2800 տարի առաջ եղա՞ծ են պետական մարդիկ կամ մտաւորականներ, որոնք մտածած են, թէ իրենց քաղաքը պիտի գոյատեւէ ու բարգաւաճում պիտի ապրի 28 դար ետք…
(Շար. 2 եւ վերջ)