«Նիու Եորք Թայմզ»ը «Ընտանիքի 400ամեայ Երաժշտական Գործիքը Կը Շարունակէ Ճիշդ Հնչողութիւնը» խորագիրով լայնածաւալ յօդուածին մէջ կ՛անդրադառնայ հանրայայտ Զիլճեան ընտանիքին եւ անոնց կողմէ տարիներէ ի վեր արտադրուող «Զիլճեան» ապրանքանիշի ծնծղաներու պատմութեան:
«Կրնաս ունենալ աշխարհի լաւագոյն ներդաշնակութիւնը, սակայն միայն ծնծղաներն են, որոնք կրնան քեզի դէպի գագաթ բարձրացնել» ըստ «Արմենփրէս»ի այս գործիքին մասին կը խօսի յայտնի թմբկահար Պրայըն Պլէյտ, որ երկար տարիներ կ՛օգտուի «Զիլճեան» ծնծղաներէն:
«Նիու Եորք Թայմզ»ի յճդուածը կը պատմէ, որ «Զիլճեան»ը Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսած է արտադրուելու 1929ին: Սակայն ընկերութեան պատմութիւնը աւելի հին է՝ շուրջ 400 տարուան պատմութիւն ունի: Անոր պատմութիւնը կը սկսի 1618 էն, Օսմանեան կայսրութեան մէջ:
Ծնծղաներու պատրաստութեան գործը կը սկսի Աւետիս Զիլճեանը, որ քիմիական փորձեր կատարելով կը փորձէր ոսկի ստանալ, սակայն ի վերջոյ պղինձի, արծաթի եւ անագի խառնուրդէն ան կը յաջողի ստանալ նիւթ մը, որ բարձր եւ յստակ հնչողութիւն ունէր:
Օսման Բ. սուլթանը, հաւնելով երիտասարդ հայ արուեստագէտին աշխատանքը, անոր ոչ միայն կը թոյլատրէ պատրաստել գործիքներ Օսմանեան արքունիքին համար, այլ նաեւ Աւետիսին կու տայ Զիլճեան մականունը: Ընտանիքը խանութ կը բանայ Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ, կը համագործակցի յունական ու հայկական եկեղեցիներու, սուֆի տերվիշներու եւ սուլթանի հարեմին հետ:
«Զիլջեան» ապրանքանիշի առաջին ծնծղաները 1851ին յատուկ նաւու մը միջոցով կը տեղափոխուին Լոնտոն՝ ցուցադրուելու համաշխարհային տօնավաճառին:
20րդ դարու սկիզբը, ընկերութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը ղեկավարէր Արամ Զիլճեան, որ կ՛առաջարկէ Միացեալ Նահանգներ բնակող իր զարմիկին՝ Աւետիսին, ղեկավարել ընկերութիւնը: Աւետիսը, որ Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած էր նախքան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կը համաձայնի՝ տեսնելով երկրին մէջ այդ երաժշտական գործիքին հանդէպ աճող հետաքրքրութիւնը:
Այժմ ընկերութիւնը կը գործէ Մեսեչուսեց նահանգին մէջ: «Այսօր իւրաքանչիւր գործիք կը շարունակէ անցնիլ բարձր որակաւորում ունեցող տասնեակ աշխատակիցներու ձեռքերէն, որոնք կը ստուգեն, որ «թուղթի բարակութիւն» ունեցող ծնծղաները ունենան անհրաժեշտ երաժշտական ձայնածաւալը (diapason)», կը գրէ «Նիու Եորք Թայմզ»ը՝ աւելցնելով, որ գործիքներէն իւրաքանչիւրը ունի իւրայատուկ եւ անկրկնելի ձայն: