ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները պատրաստ են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակացոյցին եւ պայմաններուն վերաբերեալ բանակցութիւններու: Խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները իրենց այդ տրամադրութիւնը յայտնեցին՝ անդրադառնալով վարչապետի յայտարարութեան, որ յառաջիկային բանակցութիւննեու պիտի հրաւիրէ խորհրդարանական եւ ոչ-խորհրդարանական քաղաքական ուժերը՝ քննարկելու խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու ժամանակացոյցն ու պայմանները:
«Ես, անկեղծ ասած, արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ անցկացնելու հիմքեր չեմ տեսնում, բայց ցանկացած բանակցութիւնների մենք պատրաստ ենք: Խորհրդարանն աշխատում է իր բնականոն հունով, ընդառաջում է կառավարութեան բոլոր օրէնքներին եւ ծրագրերին: Մենք որեւէ խոչընդոտ չենք ստեղծում՝ առաւել եւս ներդրումների հետ կապուած, ողջունում եւ օժանդակում ենք: Նախքան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները, մենք «Ընտրական օրէնսգրքի» փոփոխութիւնները պէտք է աւարտին հասցնենք», նշեց Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան՝ աւելցնելով, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները ոչ-քաղաքական հարցերը կարգաւորելու մօտեցում չեն: Այսուհանդերձ, Բաղդասարեան յայտնեց, որ որեւէ տեսակի բանակցութիւններու առաջարկ չեն մերժեր:
ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահէ Էնֆիաջեան յայտնեց, որ իրենք եւս կողմնակից են, որ ձեւաւորուի քննարկումներու ձեւաչափ եւ կարելիութիւն ստեղծուի համակողմանի որոշում կայացնելու:
Բանակցելու համաձայն է նաեւ «Ելք» խմբակցութիւնը: Դաշնակցութեան դիրքորոշումը յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան:
«Մեր դիրքորոշումը յստակ է՝ կառավարութեան գործունէութեան ծրագրին կողմ քուէարկելով՝ մենք պատրաստակամութիւն ենք յայտնել արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ անցկացնելուն՝ 1 տարուայ ընթացքում, համապատասխան օրէնսդրական փոփոխութիւններ կատարելուց յետոյ. որեւէ բան այս ընթացքում չի փոխուել», յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան:
Վարչապետ Փաշինեանի՝ ընտրութիւնները յաջորդ տարուան Յունիսէն աւելի շուտ հրաւիրելիու տրամադրութեան անդրադառնալով՝ Համբարձումեան ըսաւ. «Մէկ տարուայ ընթացքում դա նշանակում է՝ ե՛ւ 3 ամիս յետոյ, ե՛ւ 9 ամիս յետոյ, ե՛ւ 1 տարի յետոյ»:
Անդրադառնալով Փաշինեանի յայտարարութեան, որ յառաջիկային բանակցութիւններու պիտի հրաւիրէ խորհրդարանական եւ ոչ-խորհրդարանական քաղաքական ուժերը՝ քննարկելու արտահերթ ընտրութիւններու ժամանակացոյցն ու պայմանները՝ Արսէն Համբարձումեան ըսաւ. «Ոչ մի խնդիր չենք տեսնում այդ օրակարգով քննարկում ունենալու եւ չենք էլ ունեցել»: