ԵՐԵՒԱՆ.- Մշակոյթի նախարարութեան եւ «ՓՈՒՇ» նախագիծին նախաձեռնութեամբ անցեալ Հինգշաբթի «Սարեան» պուրակին մէջ տեղադրուեցաւ դաշնամուր մը:
Յատուկ արհեստագիտական միջոցներով մշակուած այս արտասովոր դաշնամուրը կրնայ ամբողջ տարին մնալ այգիին մէջ՝ անտեսելով եղանակային պայմանները: Դաշնամուրէն կարելի է լիցքաւորել նաեւ բջջային հեռաձայններ:
Դաշնամուրը միշտ պիտի մնայ այգիին մէջ եւ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ քաղաքացիներուն եւ զբօսաշրջիկներուն՝ նուագելու ու այգին լեցնելու որակեալ երաժշտութեամբ:
Դաշնամուրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էր վարպետ Տիգրան Մանսուրեան, որ առաջին նուագողը հանդիսացաւ՝ կատարելով իր սիրուած ստեղծագործութիւններէն մէկը: